ԽՐՃԻԹԻ ՄԸ ՊԱՏՆ ԱՆԳԱՄ ՉՈՒՆԻՆՔ
Սփիւռքի մէջ ծնած ու հասակ առած գաղթական ժողովուրդի երրորդ եւ չորրորդ սերունդներուն մօտ սկսաւ նկատուիլ լուրջ վտանգ հանդիսացող հայաթափութիւնը՝ որ լեզուէն առաջ սկսաւ սկիզբ առնել մշակոյթի ձուլումով. մա՛նաւանդ Եւրոպայի մէջ ապրող նոր սերունդը անբացատրելի սիրահարութեամբ յարեցաւ եւրոպական քաղաքակրթութեան, մշակոյթին եւ գրականութեան՝ այդ մէկը աւելի բարձր ու վսեմ նկատելով քան սեփականը: Արհեստագիտութենէն զուրկ այդ ժամանակամիջոցին օտար մշակոյթը նոր «աշխարհ»ի մը դռները կը բանար անոնց դիմաց եւ մարդկային հոգեբանութեան մէջ օտարը, անծանօթն ու խորհրդաւորը մի՛շտ աւելի գրաւիչ ու առինքնող կ՚երեւին։ Այդ սերունդներուն մօտ կար նաեւ տեղական լեզուին տիրապետելու լուրջ խնդիրը. գաղթականներու առաջին երկու սերունդները լաւագոյն ձեւով չկրցան ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ այլ օտար լեզուներու տիրապետել, սակայն, որպէս երրորդ ու չորրորդ սերունդ՝ որպէս այդ երկիրներու քաղաքացի նախորդող սերունդներու անտարբերութիւնը կարելի չէր որդեգրել։ Անշուշտ, նոյն միջոցին Եւրոպայի մէջ կար ամբողջութեամբ հակառակ կողմ մը եւս. երիտասարդ հայ գրողներ. ինչպէս՝ Շուշանեան, Փոլատեան, Շաւարշ Միսաքեան, Շահնուր եւ ուրիշներ շատ աւելի մեծ եռանդով հայ գրականութիւն ստեղծելու եւ տարածելու նուիրուած էին:
Անշուշտ, կային այլ «մտաւորական»ներ ու արուեստագէտներ եւս, որոնք իրենց արուեստն ու գրականութիւնը կը փորձէին նմանեցնել Ֆրանսականին՝ համոզուած ըլլալով, որ օտարինը ընդօրինակելով կրնան աւելի «արդի» ու «բացմիտ» երեւիլ: Անշուշտ, այս մէկը շատ անգամ բախումներ կը ստեղծէր նաեւ գրողներու միջեւ։ Ֆրանսահայ մամուլին մէջ կարելի է գտնել նման բազմաթի՜ւ յօդուածներ ու քննադատական գրութիւններ՝ մանաւանդ 1930-1950 թուականներուն միջեւ:
Այժմ դէմս ունիմ 1934 թուականին Ֆրանսայի «Ապագայ» թերթին հինգշաբթի, 8 փետրուարի թիւը (ԺԴ. տարի, թիւ 36), որուն երկրորդ էջին մէջ երիտասարդ մը իր բողոքը կը բարձրացնէ նման գրողներու եւ արուեստագէտներու հանդէպ՝ իր յօդուածը կոչելով «Անողորմ պիտի ըլլայ մեր դատաստանը»։ Երիտասարդ գրողը հայութենէն դուրս, օտարներու ընդօրինակութիւնն ու աւելի զարգացած ու բարձր ցոյց տալու յոռի արարքը կը կոչէ «դասալքութիւն»։ Այդ ժամանակաշրջանին շատ մը մտաւորականներ ու արուեստագէտներ՝ մանաւանդ անոնք, որոնք քաղաքականութենէ դուրս ու հեռու կ՚ուզեն մնալ, չէզոք դիրք մը կ՚որդեգրէին: Հակառակութիւնը այնքա՛ն սուր էր, որ չէզոքութիւնը նոյնիսկ դասալքութիւն կ՚որակուէր։ Երիտասարդներ կը հաւատային, որ գիտակից հայ մը, արուեստագէտ մը եւ մտաւորական մը՝ մանաւանդ չի կրնար իր ներսէն, իր ինքնութենէն եկող ձայնը լռեցնել ու չէզոք դիրք բռնել։ Յօդուածագիր երիտասարդը՝ Պ. Զարոյեան կը գրէ. «Ամենատաղանդաւոր գրողներէն, արուեստագէտի ամենէն մեծ խառնուածք ունեցողը ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ վեր մարդ է, հա՛յ մարդ է: Որպէս այդպիսին՝ իր մէջ աւելի ուժգնօրէն կ՚արձագանգեն կեանքի պայմանները եւ դէպքերը, քան ոեւէ մարդու մէջ: Ականջ չի տալ այդ ձայնին, դիրք չի բռնել ու չի գործել, այլ համակերպիլ կրաւորական կամ չէզոք մնալով, աններելի դասալքութիւն մըն է»:
Մեր ժամանակներուն եւս լուրջ քննարկումի արժանի է այն, թէ ինչքանո՞վ ճիշդ է կրաւորական ու չէզոք դիրք որդեգրել եւ լռել մեր շուրջի եղելութիւններուն դիմաց. չէզոքութիւնը տեղ մը մարդը կ՚առաջնորդէ անտարբերութեան. օրինակի համար՝ Հայաստանի մէջ եկեղեցին կը հալածուի եւ շատ շատեր «չէզոք»ի պիտակին տակ անտարբերութեամբ ականատես կը դառնան այդ բոլորին։ Մարդկային կեանքի մէջ կան երեւոյթներ, որոնք միջակութիւն չեն կրնար ճանչնալ. կան երեւոյթներ, որոնք միջին մը չեն կրնար ունենալ. անոնք կամ «այո՛» են կամ «ո՛չ». այս երկուքէն դուրս գոյութիւն ունեցող ցանկացած պատասխան անտարբերութիւն է պարզապէս:
Ի դէպ, յօդուածագիր երիտասարդը եւս դէմ չէ սեփական մշակոյթներ ճանչնալ ու ուսումնասիրելու, սակայն, օտարը ուսումնասիրելու ժամանակ կարեւոր է չկորսուիլ ու սեփականը չմոռնալ։ Այս գաղափարը յօդուածագիր երիտասարդը լաւագոյնս կը բացատրէ հետեւեալ տողերով.
«Տարբեր են մեր իրականութիւնը.- ուրիշ են մեր պայմանները: Արդէն կառուցած, հաստատուն ամէն փոթորիկի դէմ պաշտպանուած շէնքի մը մէջ կարելի է ամէն բան ընել: Բայց մենք խրճիթի մը պատն անգամ չունինք պատսպարուելու համար հովի հոսանքներէն եւ այս գոյավիճակին մէջ չենք կրնար ներել, որ մարդիկ սրբապղծութիւնը գործեն սրինգ նուագելու...»: Երիտասարդին միտքը աւելի քան պարզ ու յստակ է.- ազգեր, որոնք յաջողած են «կատարելագործել» ու կերտել իրենց մշակոյթը, իրենց քաղաքակրթութիւնն ու ինքնութիւնը ազատօրէն կրնան այլ ազգերու մշակոյթը ուսումնասիրել՝ առանց կորսուելու վախի, սակայն, հայը այդ մէկը չէր կրնար ընել, որովհետեւ այդ ինքնութիւնը դիւրաբեկ էր։ Նոյնը եկեղեցականները կ՚ըսեն կրօնական խնդիրներու պարագային. կան մարդիկ, որոնք իրենց հաւատքին մէջ հաստատ չըլլալով կ՚ուզեն այլ աղանդներ սերտել... եւ յանկարծ իրենք զիրենք յանձնուած կը գտնեն այդ աղանդներուն։ Չկորսուելու համար պէտք է սեփական հաւատքի մէջ հաստատ ըլլալ. տարբեր չէ ազգութեան պարագան։ Յօդուածագիր երիտասարդը այլ գրութիւններ ունի՞ թէ ոչ՝ չենք գիտեր, իրեն յաջորդող սերունդները ունեցա՞ն իր հայրենասիրական ծայրայեղութիւնը, թէ այսօր հայերէն անգամ չեն գիտեր՝ դարձեալ չենք գիտեր, սակայն, պարզ ու յստակ է, որ այսօր մեզի նման գիտակից երիտասարդութիւն մը պէտք է՝ որուն վրայ պիտի հիմնենք մեր ապագան։ Օտարացած սերունդով հայու ապագայ կառուցելը ծիծաղելի է պարզապէս, այնպէս ինչպէս ծիծաղելի է առանց հայերէն գիտնալու հայկական գաղութներ առաջնորդել փորձող եւրոպական շատ մը երկիրներու «կուսակցական»-«առաջնորդները»:
ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մտաւորականը նա չէ, որ միայն զարգացած միտք ունի եւ գիտական հմտութիւն: Իսկական մտաւորականը մտքի բազմակողմանի եւ հարուստ պաշարի հետ պէտք է ունենայ եւ բարձր ու հաստատուն գաղափարականութիւն, ամուր նկարագիր եւ որոշ աշխարհահայեացք, ինչպէս եւ մտքի իտէալ եւ պատրաստակամութիւն՝ պայքարելու եւ զոհուելու այդ իտէալի համար:
ՍԻՄՈՆ ՎՐԱՑԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան