ՓԱՌԷՆ Ա. ԱՇՏԻՇԱՏՑԻ. 348-352
Ս. Յուսիկ Ա. Պարթեւի (341-347) վախճանումէն յետոյ եւ Յուսիկ Հայրապետի որդիներուն մերժումէն ետք, Տիրան եւ մեծամեծներ կը գումարեն եւ կաթողիկոս կ՚ընտրեն Փառէն կամ Փառներսեհ անուն երէցը՝ որ Տարօն գաւառէն, Աշտիշատէն էր։ Ըստ սովորութեան՝ մեծ շուքով կ՚երթայ Կեսարիա, ուր կ՚օծուի։
Փառէն Կաթողիկոս սրբակեաց մէկը եղած է, բայց չէր համարձակեր խրատել կամ յանդիմանել թագաւորը եւ աւագանին. ան «թոյլ» անձնաւորութիւն մըն էր, ան կարճատեւ կաթողիկոսութիւն ըրաւ։
Հայ պատմիչներ Փառէն Կաթողիկոսի մասին՝ անձին եւ գործունէութեան նկատմամբ շատ տեղեկութիւն չեն տուած։ Այս իսկ պատճառով, այլ եւ այլ կարծիքներ եղած են անոր վրայով։
ա) Ոմանք կ՚ընդունին, թէ Փառէն Սուրբ Գրիգորի աշակերտն էր, այդ պատճառով կաթողիկոս ընտրուեցաւ,
բ) Ուրիշներ կը կարծեն, թէ Փառէն Սուրբ Գրիգորի ազգականներէն մէկն էր,
գ) Ոմանք ալ կը կարծեն, թէ ան ասորական քարոզչութեան ներկայացուցիչներէն մէկն էր եւ այդ պատճառով արժանի՛ նկատուած էր կաթողիկոսական աթոռին,
դ) Վերջապէս կարծողներ ալ եղած են, թէ Փառէն Կաթողիկոս ընտրուած էր, որովհետեւ Սուրբ Գրիգորի հիմնած առաջին եկեղեցին, Յովհաննու Կարապետի մեծ մարգարէանոցին հովիւն էր, ինչպէս նաեւ Դանիէլ Ասորին։
Փառէն Կաթողիկոսի կարճատեւ իշխանութենէն եւ վախճանումէն ետք վերստին հայրապետի ընտրութեան խնդիրը մէջտեղ կ՚ելլէ։ Սուրբ Լուսաւորիչի ցեղէն կար միայն Ներսէսը՝ Աթանագինէսի որդին եւ Յուսիկի թոռը, բայց ան ալ թէ՛ փոքր էր եւ թէ Բիւզանդիոն կը գտնուէր։ Ուստի, Աղբիանոսի ցեղէն Շահակ անուն մէկը կ՚ընտրեն կաթողիկոս եւ մեծաշուք կերպով Կեսարիա կը ղրկեն ձեռնադրուելու համար։ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ՝ հեթանոս քուրմերու որդիները հաւաքելով՝ անոնցմէ արժանաւորները եպիսկոպոս ձեռնադրած էր։
Ագաթանգեղոս պատմիչը այսպիսի եպիսկոպոսներէն տասներկու հատին անունները կու տայ. այդ եպիսկոպոսներուն առաջինն էր Աղբիանոս, որ յետոյ Փոքր Հայքի կողմերը վերակացու-առաջնորդ եղած էր։ Աղբիանոս մեծ պատիւ եւ պաշտօնի-դիրքի կը հասնի։ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ զինք արքունի դրան վերակացու կը կարգէ եւ Արիստակէսէն առաջ իրեն տեղակալ կը դնէ զայն։
Երբ Տրդատ Յունաստան կը ճամբորդէր, անոր ընկերներէն մէկը Աղբիանոսն էր՝ Արիստակէսի հետ։ Խոսրով Կոտակի ժամանակ Աղբիանոս իբրեւ հաշտարար միջնորդ ղրկուած էր Մանաւազեանց եւ Որդունեաց նախարարներուն։ Ապարդիւն կ՚ըլլան Աղբիանոսի ջանքերը եւ երկու տոհմերն ալ կը փճանան, այն ատեն Մանաւազեանց կալուածները, Մանաւազկերտ (=Մանազկերտ) աւանով, կը տրուին Աղբիանոսի, որուն սերունդը այնուհետեւ կը կոչուի «Մանազկերտացի»։ Շահակ Մանազկերտացի Աղբիանոսի սերունդէն էր։ Աղբիանոսի ընտանիքը նշանաւոր էր Հայ եկեղեցական պատմութեան մէջ։ Ան տուած էր մէկ քանի կաթողիկոսներ, որոնցմէ մէկն էր Շահակ։
Սուրբ Գրիգորի եւ Աղբիանոսի ընտանիքները հայոց մէջ կ՚ըլլան երկու գլխաւոր տոհմերը, որոնք ժառանգութեամբ իրարու հետ կը մրցին կաթողիկոսական գահին համար։ Այս պատճառով ալ երկու գլխաւոր «կուսակցութիւն»ներ առաջ կու գան հայոց մէջ. մին՝ Սուրբ Գրիգորի ընտանիքը, յունական դաստիարակութեամբ սնած, իսկ միւսը՝ Աղբիանոսի սերունդը, ասորական, երբեմբ պարսկական ազդացութեան տակ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 4, 2026, Իսթանպուլ