ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆԻ ՄԱՀԸ

Մեր թուականէն 78 տարիներ առաջ՝ 1948 թուականին, ուսուցիչ, գրող եւ մանկավարժ Յակոբ Օշական Զարեհ Վեհափառի յատուկ հրաւէրով կը մեկնի Հալէպ, սակայն, կը մերժէ հիւրանոցի իր հանգիստը եւ կը նախընտրէ գիշերել իր նախկին աշակերտներէն մէկուն տունը։ Նախկին աշակերտը սիրով կ՚ընդունի իր ուսուցիչին խնդրանքը: Օշական տանտիկինէն կը խնդրէ հիմնական երկու բան. ամէն առտու քանի մը կաթիլ սխտորի հիւթ եւ գրելու համար սենեակ՝ մէկ պայմանով, որ սենեակ մուտք գործելէ մէկ ժամ ետք տանտիկինը ճշդապահութեամբ զինք «արթնցնէ», որպէսզի գրողը դուրս գայ գրելու մթնոլորտէն։ Տարօրինակ է, սակայն, պատճառը այն է, որ բժիշկները Յակոբ Օշականին արգիլած էին օրական մէկ ժամէն աւելի գրել. պատճառը Օշականի առողջական վիճակն էր։ Օրական դրութեամբ մէկ ժամէն աւելի աչքերն ու միտքը չարչարելը կրնար առողջական լուրջ խնդիրներ առաջացնել. ուժեղ կեդրոնացում, աչքերու լարում եւ երկար նստած վիճակ արգիլուած էր մեծ գրողին: Յակոբ Օշական տանտիկնոջ ըսած էր. «Բժիշկս արգիլած է օրական մէկ ժամէն աւելի գրելս, բայց երբ գրելու սկսիմ, ինքզինքս կը մոռնամ քնացածի մը պէս, ատոր համար կը խնդրեմ, որ մէկ ժամ վերջ դուռը զարնես»: 

Յակոբ Օշական իր գրականութեան պէս բարդ բնաւորութիւն մը ունէր. ունէր պահանջներ ու տարօրինակ սկզբունքներ, սակայն, ո՛չ ոք կը համարձակէր հակառակիլ: Յակոբ Օշական իր աշակերտէն չէր ամչնար. օրինակ՝ կը հրամայէր վերադարձին հալվա բերել, տանտիկնոջ կը հրամայէր սուրճ պատրաստել: 

Երեկոյ մը Յակոբ Օշական սովորականէն կանուխ կ՚անցնի քնանալու, որպէսզի յաջորդ օր մեկնի Ճարապլոս՝ Եփրատը տեսնելու, սակայն, հանգիստ չի քնանար։ Ժամ մը ետք կ՚արթննայ եւ սենեակին լոյսը բանալով դարձեալ սուրճ կը խնդրէ, սակայն, չի կրնար սուրճը խմել։ Ումպ մը առնելէ ետք կը խնդրէ (հրամայէ), որ բժիշկ կանչեն։ Աշակերտը անմիջապէս կը պատրաստուի տունէն դուրս գալ, սակայն, Օշական կը յանդիմանէ. «Ծօ յիմա՛ր, ո՞ւր կ՚երթաս»։ Օշական անհրաժեշտ ասեղներու անունները կու տայ, որպէսզի բժիշկը իր հետ բերէ: Աշակերտին մեկնելէն ետք Օշական տանտիկինէն թաս մը կը խնդրէ, որպէսզի փսխէ։ Թասը առնելով կը փորձէ անկողինէն ելլել, որպէսզի յանկարծ անկողինը չաղտոտէ՝ հակառակ անոր, որ տանտիկինը կը յայտնէ, թէ խնդիր չէ. կրնայ անկողինը մաքրել ու սաւան անցընել: 

Յակոբ Օշական թասին մէջ կը փսխէ ու այդտեղ կտոր մը արիւն կը նկատէ եւ կ՚ըսէ- «Վերջապէս յաղթեցի՛ր. ամէն բան վերջացաւ» ու կ՚իյնայ տանտիկնոջ թեւերուն մէջ։ Տանտիկինը իր ուժի սահմաններուն մէջ դժուարութեամբ կը փորձէ Օշականը դարձեալ անկողին տանիլ: Մի քանի վայրկեան վերջ նախկին աշակերտը բժիշկ Արմենակ Ապուհայաթեանին հետ միասին կը մտնէ Օշականի սենեակ, սակայն, արդէն ուշ էր. Օշական մահացած էր: Յակոբ Օշական կը մահանայ առանց Եփրատը տեսնելու եւ առանց իր սիրած հալվան ճաշակելու: Յակոբ Օշականի դիակը կը մնայ իր նախկին աշակերտին տունը՝ մօտաւորապէս չորս օր եւ փետրուարի 21-ին մեծ շուքով կը կատարուի մեծանուն գրողին թաղումը: 

Յակոբ Օշականի թաղման ներկայ եղող հայրենակից մը օրուան մամուլին մէջ կը գրէ. «Ամբողջ Հալէպ յուղարկաւոր է: Դագաղը հասած է արդէն Սուրբ Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, բայց յուղարկաւորներու մեծ մէկ մասը դեռ կը գտնուի երէցեաններու տան մօտ, Պապ Էլ Ֆարաճի հրապարակը: Եկեղեցիին մէջ դամբանական կը խօսին՝ Զարեհ Եպիսկոպոս, Գարեգին Կաթողիկոս եւ տիար Շահան Պէրպէրեան: Գերեզմանատան մէջ կը խօսի պրն. Ծառուկեան»: Ականատեսի վկայութեամբ՝ հակառակ առողջական վատ վիճակին, սրտի խօսք կ՚առնէ նաեւ Շաւարշ Միսաքեան, սակայն, փղձկելով խօսքը կէս կը ձգէ: 

Այսպէս կեանքին վերջ կու տայ հայ գրականութեան հսկաներէն Յակոբ Օշական ու կը թաղուի Հալէպի հայոց ազգային գերեզմանատան մէջ: Յօդուածագիր Լ. Շառոյեան իր «Յակոբ Օշականի մահէն անցեր է 67 տարի…» յօդուածին մէջ հալէպահայերու Օշականի հանդէպ ունեցած սէրը կը ներկայացնէ հետեւեալ տողերով. «Հալէպցիք գուրգուրանքով շրջապատեր էին մեծանուն գրականագէտը, գեղեցիկ հանդէսով մը նշեր էին իր յոբելեանը, կարելիութիւններ ստեղծեր էին, որ ան միշտ հանգիստ եւ ուրախ զգայ ինքզինք այստեղ: Ո՛չ ոք կրնար գուշակել, սակայն, թէ Հալէպը պիտի դառնար Մեծ Հիւրին վերջին հանգստարանը». նոյն հեղինակը թաղման նկարագրութիւնը այսպէս կ՚ընէ. «Քսան հազար յուղարկաւորներ թափօր կը կազմէին իր դագաղին ետեւէն»:

Այս բոլոր եղելութեան մէջ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ հետեւեալը.- 1948 թուականին, երբ աշխարհը այսքան հասանելի չէր մարդոց, Հալէպ ապրողը անգամ կը ճանչնար, կը կարդար Օշականը։ Մերօրեայ գրողները շատ աւելի հնարաւորութիւններ ունին իրենց գրականութեամբ ընթերցողին հասնելու, սակայն, իրականութիւնը այդպէս չէ։ Անշուշտ, հարցական է, թէ նոր Օշականներ ունի՞նք այսօր մեր շուրջ թէ ոչ… սակայն, փաստը կը մնայ փաստ. այսօր չունինք գրողներ, որոնք յաջողին աւելի քան 20 հազար մարդ հաւաքել իրենց դիակին շուրջ. չունինք գրողներ, որոնց մահը իրապէս մեծ ցաւ թուի ո՛չ թէ նեղ շրջանակներու՝ այլ ամբողջ հայութեան համար:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Երբ հայը սկսի խօսիլ հայութեան մասին, չափի եւ կշռի բոլոր օրէնքները ոտքի տակ կ՚երթան: Նայած պարագային, պայմաններուն եւ խօսողին տրամադրութեան՝ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն ծաղիկն ենք, գերազանց արարածներու հաւագածոյ մը, եւ կամ, երբ սկաւառակը դառնայ, պարզապէս, մարդկային ընկերութեան տականքը: Մեր թերութիւնները թուելու համար Նարեկացիին մեղապարտչական վերադիրներու հեղեղը քիչ կու գայ, իսկ երբ ինքնագոհութեան ժամը հնչէ ու երեւակայութիւնները թռիչք առնեն, Փանջունիին թեւերը հազիւ թէ բաւեն:

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2026