ԳԻՇԵՐԸ ԵՒ ՆԵՐՔԻՆ ԽԱՒԱՐԸ
«Աստուած ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին Որդին տուաւ…». (ՅՈՎՀ. Գ 16)։
Յովհաննէս Աւետարանիչ կը վկայէ, թէ սէրը եւ փրկութիւնը կը յայտարարուի Աստուծոյ անսահմանափակ սիրով. սէր մը՝ անխտիր եւ տիեզերակա՛ն։ Ուստի, Աստուած մարդացաւ՝ մարդը աստուածացնելու համար։ Մարդու սէրն ալ պէտք է ըլլայ իր սեփական կամքով՝ անկեղծ եւ ճշմարի՛տ, ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս. «Աւելի երջանկաբեր է տա՛լը, քան առնելը». (ԳՈՐԾՔ. Ի 35)։ Եւ ուրեմն սէրը՝ զոհելու եւ զոհուելու մէջ կը գտնէ իր իրական արժէքը։ Աստուած սէր է՝ երկինքէն կու գայ երկիր եւ երկրէն կը բարձրանայ երկինք։ Աստուած կը հաստատէ մարմնացած սէրը, երբ կ՚ըսէ. «Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ». (ՄԱՏԹ. Գ 17)։
Ուստի, Բանը մարմին առաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ, այսինքն, Աստուած՝ Սէրը իջաւ մեր մէջ, որպէսզի մարդ ժառանգակից ըլլայ Սիրոյ։ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի այս Սէրը կը ներկայացնէ ինչպէս աստուածաբանական տեսանկիւնէն, նաեւ աղօթքի միջոցով. մարդ աղօթքով կը մօտենայ Աստուծոյ, այսինքն՝ Սիրոյ։ Աստուածային այս ճշմարիտ եւ անկեղծ սիրոյ հասնելու համար անհրաժեշտ է զօրաւոր, աներկբայ հաւատք։
Թէ ինչպէ՞ս կարելի է տիրանալ զօրաւոր, անտարակոյս՝ հաստատ հաւատքի։
Հաւատքի համար անհրաժեշտ է ձերբազատուիլ «ներքին խաւար» է. ըլլալ անկեղծ, հաստատամիտ եւ վճռակա՛մ։
«Նիկոդեմոս անունով Փարիսեցի մարդ մը կար, Հրեայ իշխան մը՝ որ գիշերով Յիսուսի քով եկաւ…». (ՅՈՎՀ. Գ 1-2)։
«Նիկոդեմոս» յունարէն լեզուով կը նշանակէ՝ «ժողովուրդի յաղթութիւն» կամ «յաղթող ժողովուրդ». (nike=յաղթանակ եւ demos=ժողովուրդ)։ Ուստի, Նիկոդեմոս (Nicodemos) գիշեր ատեն եկաւ Յիսուսի՝ լուսաւորուելու համար։ Այստեղ «գիշեր»ը ո՛չ միայն արտաքին իմաստով, այլ պէտք է հասկնալ ներքին իմաստով, այսինքն՝ ներքին խաւարի առումով։ Փարիսեցի Նիկոդեմոս ներքին խաւարի մէջ էր եւ գիտէր, որ այդ խաւրը փարատելու կարողութիւնը ունէր միա՛յն Յիսուս։
Աստուած, ինչպէս Սէր է, նաեւ Ան Լո՛յս է, լոյսի ակը եւ աղբիւրն է եւ Ան կրնայ լուսաւորել մարդուս ներքին խաւարը։ Ուստի, «գիշերուն գալ» պէտք է հասկնալ՝ ներքին խաւարով գալ՝ թերահաւատ, տարակոյսներով լեցուած եւ «Յիսուսի գալ» կը նշանակէ՝ լուսաւորուի՛լ։
Արդարեւ, չկայ բացարձակ եւ բովանդակ մութ եւ խաւար, ամէն խաւարի մէջ կայ անպայմա՛ն լոյսի շող մը, բա՛ւ է, որ մարդ անդրադառնայ այդ շողին եւ իր ազատ կամքով եւ սեփական ուժերով աշխատի լոյսին հասնիլ։
Այս իմաստով, չկա՛յ բոլորովին անհաւատ մարդ, քանի որ ամէն մարդու մէջ կայ Աստուծոյ շունչը՝ հաւատքի շող մը։ Կա՞յ մէկը եւ կամ որեւէ բան, որ Աստուած չէ ստեղծած, ապա ուրեմն Աստուած գոյութիւն ունի ամէն տեղ, ամէն բանի մէջ, եւ մարդուն կը մնայ անդրադառնալ այս անհերքելի, անուրանալի ճշմարտութեան, եւ իր ազատ կամքով խաւարէն՝ լոյս եւ անհաւատութենէ՝ հաւատքի կեանքի փոխադրէ ինքզինք։
Ամէն գիշեր առաւօտ մը ունի…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 5, 2026, Իսթանպուլ