ՍԻՐԱՀԱՐԻԼ՝ ՍԻՐԵԼ ԸՍԵԼ ՉԷ
Սիրոյ ամենէն վտանգաւոր կողմերէն մէկն ալ տրամաբանութեան կորուստն է՝ մանաւանդ տխրութեան եւ յուսահատութեան պահերուն։ Մարդ կը սկսի երկարաժամկէտ հետեւանքները այնքան ալ նկատի չունենալ եւ վտանգներն ու երեւոյթները ճշգրիտ ձեւով չվերլուծել։ Սիրահարած վիճակին ուղեղը հետեւանքները այնքան ալ յստակ չի կրնար ըմբռնել. նոյնիսկ գիտութիւնը կու գայ փաստելու, որ սիրահարութեան վիճակին մէջ ուղեղը այնպէս չի գործեր՝ ինչպէս բնականոն պայմաններու մէջ եւ, հետեւաբար, շատ անգամ կործանարար որոշումները կ՚ըլլան անխուսափելի։ Օրինակի համար, սիրահարութեան պատճառով ինքնասպանութիւն գործած անձերու մեծամասնութիւնը եղած են այդ պահու հոգեբանութեան ու մթնոլորտին մէջ։ Անոնցմէ շատ շատեր գուցէ ինքնասպանութիւն չգործէին՝ եթէ յաջողէին իրենք զիրենք զսպել մի քանի օր կամ մի քանի շաբաթ, սակայն, այդ պահու զգացումն ու յուսահատութիւնն է, որ կ՚իշխէ մարդուն վրայ: Ինքնասպանութիւն գործողներուն մեծամասնութիւնը եթէ ունենային ժամանակ՝ աւելի հանգիստ ձեւով մտածելու եւ որոշում կայացնելու, վստահաբար վիճակը ամբողջութեամբ տարբեր պիտի ըլլար, սակայն, սէրը մոռցնել կու տայ ապագան, յաճախ մոռցնել կու տայ անցեալը եւ կ՚ապրի իր ներկային մէջ:
Սխալ որոշումներ կայացնելու վիճակը բացատրենք այսպէս. պատկերացուցէք երիտասարդ մը, որ ամբողջ իր երիտասարդութեան տարիները զոհած է իր սիրած մասնագիտութեան հետեւելու համար. ամէն զոհողութիւն յանձն առած է իր ուսման ու մասնագիտութեան մէջ յառաջդիմելու համար։ Յանկարծակի սիրահարութիւն մը կրնայ նոյն այդ երիտասարդը ակնթարթի մէջ հեռացնել իր նպատակներէն ու մասնագիտութենէն։ Երիտասարդը կրնայ որոշումով մը յանձն առնել դուրս գալ համալսարանէն եւ իր ամբողջ երիտասարդութեան տարիներուն ի գործ դրած ջանքերը անկթարթի մէջ զոհել՝ այդ մէկը ճիշդ որոշում կարծելով։ Նման անտրամաբանական արարքներ յաճախ անոնց մօտ կը դիտուի որպէս «զոհողութիւն»։ Իրականութեան մէջ, մենք այդ մէկը զոհողութենէն աւելի կը դիտենք որպէս զգացական վիճակի մէջ առնուած որոշում, որովհետեւ այդ որոշումները այդ վայրկեանին գուցէ ուրախութիւն կը պատճառեն մարդուն, սակայն, անոնց հետեւանքը ապագային ի յայտ կու գայ:
Սէրը շատ անգամ այս բոլորը կը դիտէ որպէս արկածախնդրութիւն, որովհետեւ սիրահարութեան վիճակին մարդ ինքզինք ամենակարող կը կարծէ՝ պայքարելու պատրաստ, սակայն, շատ անգամ սխալ որոշումները պայքար չեն ճանչնար ու ան պարզապէս անոնց հետեւանքները կը սկսի կրել ապագային:
Շատեր մեծ ու վտանգուած որոշումներ չեն առներ, սակայն, կամայ ակամայ կը սկսին վարուիլ անգիտութեամբ. օրինակի համար, սիրահարած կողմը կը սկսի մեծամեծ նուէրներ մատուցել իր սիրածին. շատեր նոյնիսկ պարտքեր կը ստեղծեն եւ այդ բոլորը կը թուի բնական ըլլալ, մինչ իրողութեան մէջ, այդտեղ կը պակսի տրամաբանութիւնը։ Որոշ ժամանակ կը պահանջուի, որպէսզի մէկտեղուի տրամաբանութիւնն ու սէրը՝ որ ընդհանրապէս իրարու հակառակ կը գործեն:
Ի դէպ, այս մէկը իմաստուն ըլլալ չըլլալու հետ կապ չունի։ Սիրահարութեան վիճակին մէջ ամենէն խելացի անձը նոյնիսկ շատ անգամ անտրամաբանական որոշումներ կը կայացնէ. պատճառը պարզ ու յստակ է. սիրահարած վիճակը մարդուն մէջ կը փոխէ ընկալման համակարգը: Շատեր նոյնիսկ այս մէկը կը նմանեցնեն ոգելից ըմպելիքի կամ թմրանիւթերու ազդեցութեան տակ գտնուելու, որովհետեւ մարդ կը կայացնէ այնպիսի որոշումներ, որոնք բնական ու առողջ վիճակին մէջ երբեւէ պիտի չկայացնէր:
Այս բոլորին մասին խօսելով՝ կու գանք ըսել, որ սէրը պէտք չէ ընդունիլ որպէս «բացասական» իրողութիւն։ Սէրը զգացում մըն է, որ կը յաջողի մարդուն տալ աշխարհի ամենէն քաղցր, սակայն, միաժամանակ, ամենէն դաժան զգացողութիւնը։ Սէրն է, որ մարդուն ուրախութիւն պատճառելով կը բարձրացնէ երկինք, սակայն, նոյն սէրն է, որ մարդուն ապրիլ կու տայ կենդանի դժոխքը: Խնդիրը այստեղ սիրոյ բացասական կամ դրական զգացողութիւն ըլլալը չէ. խնդիրը մեր մէջ է, որովհետեւ սիրոյ հանդէպ մեր ունեցած հասկացողութիւնն է, որ կ՚որոշէ ապագան։ Սէրը ինքնին ո՛չ բարի է եւ ոչ չար։ Մեր որոշումներն ու հասկացողութիւնն է, որ զայն կը վերածէ բարիքի կամ չարիքի։ Սէրը մեր կեանքին մէջ տեղ գտած այլ երեւոյթներու նմանութիւնը ունի. օրինակ՝ կրակով մը կրնաս տունը տաքցնել, սակայն, նոյն կրակով կրնաս ամբողջութեամբ տունը վառել ու քարուքանդ ընել զայն։ Ջուրով կրնաս տունը մաքրել, կրնաս հանգիստ պարգեւել մարմինիդ, սակայն, նոյն ջուրով կրնաս խեղդամահ ըլլալ։ Ջուրը նոյն ջուրն է՝ կրակը նոյն կրակը. սիրոյ պարագան ալ տարբեր չէ՝ նոյն սիրով կրնաս թէ՛ կեանքդ քաղցրացնել եւ թէ դժբախտութեան վերածել զայն։ Մարդ իր գիտակցութեամբ, իր չափաւորութեամբ ու որոշումներով կ՚որոշէ երկի՞նք բարձրանալ՝ թէ դժոխքը ապրիլ։ Այդ իսկ պատճառով կը հաւատանք, որ սէրը եւս դաստիարակութեան եւ կրթութեան մէկ բաժինն է. թէ՛ ծնողքը եւ թէ ուսուցիչը պէտք է իրենց կրթական ծրագրին մէջ ներառեն սէրը, որովհետեւ հաւասարակշռը-ւած միտքն է, որ պիտի կարենայ պահել սէրը իր կատարեալ վիճակին մէջ՝ ճիշդ ու կշռուած որոշումներ կայացնելով:
•վերջ

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Մօր մը գիրկը, առաջին դպրոցն է մանուկին: Մայրն է, որ իր զաւկի ուղեղին վրայ կը գրէ կեանքի առաջին գիրքը:
ԱՆԱՆՈՒՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան