ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՄԱՐԴՈՑ ՄԻՋԵՒ
Ըստ Աստուծոյ պատկերին ստեղծուած, բանական միեւնոյն հոգիով օժտուած բոլոր մարդիկ նոյն ծագումը եւ նոյն բնութիւնը ունին։ Եւ ուրեմն ամէնքն ալ հաւասար արժանապատուութիւնը ունին։ Ուստի, «հաւասարութիւն» գաղափարը մարդոց միջեւ կը յենու էապէս անոնց անձնական արժանապատուութեան վրայ, ինչպէս նաեւ անկէ բխող իրաւունքներուն վրայ։ Ամէն տեսակ խրտականութիւն, որ կը հայի անձին հիմնական իրաւունքներուն, կամ հիմնուած է սեռի, ցեղի, մորթի գոյնին, ընկերային կացութեան, լեզուի կամ կրօնի վրայ, պէտք է զանցուի իբրեւ ներհակ՝ հակառակ Աստուծոյ ծրագրին։
Աշխարհ գալով, մարդը իր տրամադրութեան տակ չունի՛ ամէն ինչ, որ անհրաժեշտ է իր մարմնաւոր եւ հոգեւոր-բարոյական կեանքին բարգաւաճումին համար։ Ուստի, կարիքը ունի ուրիշներուն։ Կը յայտնուին տարբերութիւններ, որոնք կապուած են տարիքին, մարմնական-ֆիզիքական կարողութիւններուն, իմացական եւ բարոյական ընդունակութիւններուն, փոխանակումներուն միջոցով ձեռք ձգուած շահերուն, հարստութիւններուն բաշխումին։ «Քանքար»ները՝ ձիրք եւ տաղանդները հաւասար ձեւով չեն բաշխուած։ Եւ այս տարբերութիւնները Աստուծոյ ծրագրին մաս կը կազմեն։ Ուստի, Աստուած կ՚ուզէ, որ իւրաքանչիւրը իր պէտք ունեցածը ստանայ ուրիշէն, իսկ անոնք, որոնք իրենց տրամադրութեան տակ ունին յատուկ ձիրքեր, տաղանդներ, զանոնք բաժնեն կարիքաւորներուն հետ։ Այսինքն, Աստուծոյ ծրագրին մէջ մարդիկ կոչուած են իրերօգնութեան, ինչ որ կը նշանակէ՝ զիրար լրացնել, ամբողաջցնե՛լ։
Արդարեւ, տարբերութիւնները կը քաջալերեն եւ յաճախ կը ստիպեն մարդիկը բարեացակամ, վեհանձն եւ բաժնեկից ըլլալու, կը խթանեն մշակոյթները զիրար փոխադարձաբար ճոխացնելու։
Աստուածային իմաստութիւնը սապէս կ՚ըսէ.
«Ես բոլոր առաքինութիւնները ամէն մէկուն հաւասար չափով չեմ տար։ Բազմաթիւ առաքինութիւններ կան, զորս այս կերպով կը բաշխեմ, երբեմն ասոր, երբեմն միւսին։ Մէկուն կու տամ սէրը, միւսին՝ արդարութիւնը, ասոր կու տամ խոնարհութիւնը, նոր բորբ՝ ջերմ հաւատքը։ Գալով մարդկային կեանքին անհրաժեշտ եղող ժամանակաւոր բարիքներուն, բաժնած եմ զանոնք ամենամեծ անհաւասարութեամբ եւ չեմ ուզած, որ ամէն մարդ ունենայ ամէն ինչ, որ անհրաժեշտ է իրեն համար, որպէսզի այսպէս մարդիկը պահանջքէ մղուած առիթը ունենան գործադրելու եղբայրսիրութիւնը իրարու հանդէպ։ Ուզեցի, որ անոնք իրարու կարիքը ունենան եւ ըլլան Իմ պաշտօնեաներս ուրիշին բաշխելու մէջ շնորհք եւ առատաձեռնութիւն՝ զորս Ինձմէ ստացան». (Ս. Կատարինէ Սիենացի)։
«Անիրաւ անհաւասարութիւններ» ալ նաեւ գոյութիւն ունին՝ որոնք կը հարուածեն միլիոնաւոր այր-մարդեր եւ կին-մարդեր։ Անոնք Աւետարանին հետ բացայայտ հակառակութեան մէջ են. անձերուն վայելած հաւասար արժանապատուութիւնը կը պահանջէ՝ որ մարդիկ հասնին կեանքի աւելի արդար եւ աւելի մարդկային պայմաններու։ Տնտեսական կամ ընկերային չափազանցուած անհաւասարութիւնները մարդկային միեւնոյն ընտանիքին անդամներուն կամ ժողովուրդներուն միջեւ, գայթակղութիւն կը պատճառեն։
Անոնք արգե՛լք են ընկերային արդարութեան, իրաւախոհութեան, մարդկային արժանապատուութեան, ինչպէս նաեւ ընկերային եւ միջազգային խաղաղութեան։ Այս առթիւ «մարդկային համընկերութեան» սկզբունքը՝ որ արտայայտուած է նաեւ «բարեկմութեան» կամ «ընկերային սիրոյ» անունին տակ, ուղղակի պահա՛նջք մըն է մարդկային եւ քրիստոնեայ եղբայրութեան։
Սխալ մը՝ որ այսօր լայնօրէն տարածուած է, մոռացումը եւ անտեսումն է «մարդկային համընկերութեան» եւ սիրոյն օրէնքին՝ որ հաւասարապէս թելադրուած եւ պարտադրուած է թէ՛ բոլոր մարդոց ծագումին նոյնութեան կողմէ եւ թէ իրենց բանաւոր բնութեան հաւասարութեան՝ ի՛նչ որ ժողովուրդի ալ պատկանին, թէ՛ ալ փրկչական զոհով Յիսուս Քրիստոսին, որ Խաչին խորանին վրայ ընծայուեցաւ Իր երկնաւոր Հօր, ի նպաստ մեղապարտ մարդկութեան։
Համընկերութիւնը կը յայտնուի աշխատանքի վարձատրութեան մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 6, 2026, Իսթանպուլ