«ԿԱՐՄԻՐ ՄՈԾԱԿ»Ը

Խորհրդային Միութեան իշխանութիւններուն քննադատութեան դէմ ըլլալու ճշմարտութիւնը կարելի է փաստել հետեւեալով. 1926-1953 թուականներուն Հայաստանի մէջ ո՛չ մէկ երգիծական թերթ լոյս տեսած է, նոյնիսկ եթէ եղած են փորձեր, անոնց կեանքը տեւած է մի քանի ամիս: Պոլսոյ շրջանէն մեզի ծանօթ է, թէ ինչքան կարեւորութիւն ունէր երգիծական թերթերն ու գրութիւնները՝ մանաւանդ անոնք, որոնք ընկերութիւնը քննադատելու կը ծառայէին: Խօսքի ազատութեան սահմանափակ այդ ժամանակաշրջանին երգիծական քննադատութիւնը պարզապէս «մահ» էր. նման յանդուգն մարդ մը պէտք էր նկատի ունենար գնդակահարութիւնը, աքսորն ու ազատութեան կորուստը: 

Այս մթնոլորտին մէջ, 1926-1927 թուականներուն երգիծաբան ու լրագրող Էտուարտ Խոճիկի կողմէ սկսաւ լոյս տեսնել «Կարմիր մոծակ» երգիծաթերթը։ Անուանումը տարօրինակ. կարմիրը Խորհրդային Միութիւնն էր, իսկ մոծակը՝ արիւն ծծող միջատը։ Արդեօք անուանումը ինքնին քննադատութի՞ւն էր Խորհրդային Միութեան դէմ՝ ըսել ուզելով, որ Խորհրդային Միութիւնը մարդոց արիւնը կը ծծէ, այլ խօսքով՝ նեղութիւն կը պատճառէ ժողովուրդին։ Կը մնայ հարցական, որովհետեւ Էտուաւրտ Խոճիկ կը յայտարարէր, որ դէմ են բոլոր անոնց, որոնք հակախորհրդային կարծիքներ կը յայտնեն։ Թերթը կը յայտնէր, որ նպատակ ունի հեռու մնալով քաղաքականութենէն՝ քննադատել հասարակութեան բացթողումները, մշակութային թերութիւնները: Սակայն, հակառակ այս հաստատումներուն՝ «Կարմիր մոծակ» երգիծաթերթը յաճախ կը հրատարակէր նիւթեր ու պատկերներ, որոնք սկզբունքով դէմ էին Խորհրդային Միութեան, սակայն, թերթը յաջողած էր իր շուրջ հաւաքել ժամանակի յայտնի գրողները. ինչպէս՝ Դերենիկ Տեմիրճեան, Գուրգէն Մահարի, Հրաչեայ Աճառեան եւ ուրիշներ:

Անշուշտ, թերթը չյաջողեցաւ պահել իր գոյութիւնը. ընդամէնը հինգ թիւ հրատարակելէ ետք թերթի գործունէութիւնը վերջ գտաւ. որպէս պատճառաբանութիւն ըսուեցաւ, թէ թերթը կը փակուի խմբագրական խնդիրներու պատճառով, սակայն, աւելի քան երբեք պարզ էր, որ թերթը հակառակ իր խորհրդային կարծիքներուն՝ բաւականին ազատամիտ ու քննադատական բնոյթ ունէր: Օրին լուրջ քննարկման առարկայ եղած է «Կարմիր մոծակ» թերթին երրորդ թիւի Ա. էջին վրայ հրատարակուած նկարը (նկարը գտնել յօդուածին կից). նկարը լուրջ քննադատութիւն ունէր իր մէջ, ան կը կրէր «Դէպի կուրորտներ» (դէպի հանգստավայրեր) վերնագիրը, որուն տակ կար հետեւեալ բացատրութիւնը՝ «Հիւանդներին առողջները   ճանապարհ են գցում»։ Իրականութեան մէջ մինչեւ այստեղ տարօրինակ ու քննադատական ո՛չ մէկ բան տեսնենք հաւանաբար, սակայն, հիմնական քննադատութիւնը նկարին մէջն էր. բուժման համար դէպի հանգստավայրեր մեկնողները ո՛չ թէ հիւանդներն էին՝ այլ առողջները։ Հիւանդները առողջները կը ճանապարհէին, այլ խօսքով՝ հիւանդը իր հիւանդութիւնը մոռցած՝ առողջին գոյութիւն չունեցող հիւանդութիւնը «քննադատելով» զինք կը հեռացնէր հասարակութենէն։ Այս մէկը բացայայտ քննադատութիւն էր իշխանութիւններուն դէմ, որոնք առողջները հիւանդ նկատելով աքսորի կը մատնէին, կը պատժէին եւ իրենց «առողջ» ըլլալուն համոզուած ըլլալով՝ կը շարունակէին գործել: 

Անշուշտ, այստեղ կար Խորհրդային Միութեան ուղղուած այլ քննադատութիւն մը. Խորհրդային Միութիւնը ժողովուրդին հաւասարութիւն կը խոստանար։ Երեւութապէս կը պայքարէր անհաւասարութեան դէմ եւ հարուստ-աղքատ հաւասար տեսնել կը փորձէր։ Երգիծական այս նկարը, սակայն, կու գար ըսելու, որ այդ «բարիք»ները բոլորին հաւասարապէս չե՛ն բաժնուիր։ Այս պարագային հիւանդները բժշկական հանգստարան ղրկելու փոխարէն առողջներն են, որ կ՚երթան։ Նկարիչը այս բոլորին վրայ կու գար աւելցնելու հետեւեալը. նկարին տակ տեղ կը գտնէ հետեւեալ գրութիւնը. «…Մենք աշխարհի խորթ զաւակն ենք, մեզ փայ չկայ կուրորտից»։ «Խորթ զաւակ» արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ, որ հեղինակը ինքզինք որպէս Խորհրդային Միութեան համահաւասար ու լիիրաւ անդամ չի տեսներ: 

Այս բոլորը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս հայ հեղինակներ, հայ նկարիչներ իրենց բարձրաձայնել ուզած բողոքները կը յաջողէին ամփոփել փոքր նկարի մը մէջ։ հեղինակները կը յաջողէին իրենց մտածումները սքօղել իրենց տողերուն մէջ: Խորհրդային Միութիւնը այս բոլորը կանխելու համար, նախքան թերթի գործունէութեան վերջ տալը՝ բազմիցս փորձած է խմբագրական կազմը փոխել, Էտուարտ Խոճիկի ազդեցութիւնը սահմանափակել: 

Ի դէպ, «Կարմիր մոծակ»ը Խոճիկի առաջին երգիծաթերթը չէր։ Ան նախապէս 1924 թուականին հրատարակած էր «Զուռնա» երգիծաթերթը եւ շատեր կը հաւատան, որ «Կարմիր մոծակ»ը շարունակութիւնն է «Զուռնա»յին՝ նկատի ունենալով, որ անոնց բովանդակութիւնն ու ոճը գրեթէ ամբողջութեամբ եղած են նոյնը: Ի դէպ, «Զուռնա»ն եւս երկար կեանք չէ ունեցած. անոր կեանքը աւելի կարճ եղած է քան «Կարմիր մոծակ»ը. ընդամէնը մէկ թիւ հրատարակելէ ետք վերջ տրուած է «Զուռնա»ի գործունէութեան։ Այս բոլորը ցոյց կու տայ, որ Խորհրդային Հայաստանի մէջ տիրող խօսքի ազատութիւնը աւելիով հասկնալու համար պէտք է կարդալ ու աչքէ անցընել այս թերթերը՝ որոնք լաւագոյն օրինակներն են այդ ժամանակաշրջանը հասկնալու:

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Երաժշտութեան եղանակներ կան, տարիներէ ի վեր մոռցուած, որոնք յանկարծ միտքդ կ՚իյնան: Եղանակներ՝ զորս անօգուտ ջանքեր ընելէ ետքը մտքէդ վանելու ու հեռացնելու համար, մէկէն ի մէկ բարձրաձայն երգելու կ՚ելլես: 

ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 8, 2026