ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐ
Անոնք, որոնք կոչուած են Աստուծոյ ծառայութեան՝ սուրբ ծառայութեան, այսինքն քահանայութեան, պէտք է զԱստուած ներկայացնեն իրենց սուրբ ծառայութեամբը, հետաքրքրական է տեսնել, թէ ի՛նչ կ՚ընեն անոնք Աստուծոյ համար։
Մարդ եթէ կ՚աշխատի, որովհետեւ ուրիշ աշխատող չկայ, այդ «պարտականութիւն, պաշտօն կատարել» է։
Իսկ եթէ կ՚աշխատի Աստուծոյ ծառայելու համար, այդ ուրախութի՛ւն է։
Եթէ մարդ բան մը կ՚ընէ, պարզապէս բան մը ընելու սիրոյն, այդ պարտականութիւն կատարել է։
Իսկ եթէ բան մը ընելու ատեն երկրորդ մղոնը կ՚երթայ՝ այդ ուրախութի՛ւն է։
Մարդ եթէ բան մը կ՚ընէ պարզապէս որովհետեւ իր ուրիշ ընելիքներուն արգելք չէ, այդ պարտականութիւն կատարել է։
Եթէ բան մը կ՚ընէ մարդ, հակառակ անոր, որ իր ուրիշ ընելիքները զոհած կ՚ըլլայ այդ ընելով, այդ ուրախութի՛ւն է։
Մարդ եթէ կը հրաժարի բան մը ընելէ, որովհետեւ մարդիկ զինք չեն գնահատեր, այդ պարտականութիւն է պարզապէս եւ ի պաշտօնէ կատարուած «գործ»։
Իսկ եթէ կ՚ընէ բան մը, նոյնիսկ ոեւէ մէկը չի նշմարեր ըրածը, այդ ուրախութի՛ւն է։
Եթէ բան մը ընելու նպատակը յաջողդութիւն ձեռք ձգել է, այդ պարզապէս պարտականութի՛ւն է։
Իսկ եթէ որեւէ բան կ՚ընէ, որոհետեւ կ՚ուզէ այդ ձեւով Աստուծոյ ծառայել եւ հաւատարիմ ըլլալ, այդ կատարեալ ուրախութիւն է։
Մարդ եթէ իր զօրութեամբը կ՚ընէ, ինչ որ կ՚ընէ, այդ միայն պարտականութիւն է եւ «գործ»։
Եթէ Սուրբ Հոգին կը գործէ իր միջոցովը, այդ ուրախութիւն է եւ ցնծութի՛ւն։
Արդարեւ, Աստուած չ՚ուզեր երբեք, որ Իրեն ծառայէ մարդ որպէս պարտականութիւն։
Այլ Աստուած կ՚ուզէ, որ Իրեն ծառայենք, քանի որ զԻնք կը սիրենք եւ կը պաշտենք, հաւատարմութեամբ կը հնազանդինք եւ կը հպատակինք Իրեն եւ ահաւասիկ այն ատեն նուիրուած եւ ծառայած կ՚ըլլանք ուրախութեա՜մբ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 7, 2026, Իսթանպուլ