ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԿԱՊԻ ԿՈՄԻՏԷՈՒԹԻՒՆԸ
Խորհրդային Միութեան տարիներուն Հայաստանի մէջ, 1964 թուականին, կը ստեղծուի «Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէութիւն» մը, որուն նախագահութեան մաս կը կազմէին Սիլվա Կապուտիկեան, Վիկտոր Համբարձումեան, Վարդգէս Համազասպեան եւ այլ մտաւորականներ։ Անշուշտ, այդ օրերուն նման կոմիտէի մը ստեղծումը գնահատելի էր, որովհետեւ լաւ առիթ մըն էր սփիւռքն ու Հայաստանը իրար կապելու եւ անոնց միջեւ եղած կապը ամրապնդելու համար։ Պատմութեան ընթացքին տարածուած սփիւռք ունեցող գրեթէ բոլոր պետութիւնները ունեցած են այն գիտակցութիւնը, որ ինքնութիւն մը իր արմատներէն, իր աղբիւրէն հեռու մնալով՝ ուշ կամ կանուխ օտարութեան կը մատնուի, հետեւաբար, մեծ մտաւորականներու մասնակցութեամբ նման կոմիտէութեան մը գոյութիւնը թէ՛ մշակութային եւ թէ ազգային առումով մեծ առաւելութիւն մը կրնար տալ: Հայ ժողովուրդի պարագային այս մէկը եղած է շատ աւելի կարեւոր, որովհետեւ տասնամեակներ շարունակ (գուցէ նաեւ դարեր) Հայաստանը չէ կրցած բարոյական կապ մը ստեղծել իր ու սփիւռքին միջեւ. օրինակի համար, կարդալով Զարթօնքի սերունդի աշխատութիւնները, պիտի տեսնենք, որ այդտեղ կայ հայրենիքի հանդէպ սէր ու կարօտ, սակայն չկայ կապուածութիւն։ Հայաստանը այդ օրերուն հեռու էր իր սփիւռքէն, իսկ սփիւռքը՝ հայրենիքէն:
Անշուշտ, կոմիտէի ստեղծումը առանց գործի իմաստ մը պիտի չունենար, եթէ կոմիտէութիւնը իր աշխատանքը սկզբնական շրջանին չամփոփէր հետեւեալ հիմնական կէտերուն մէջ.
ա- Աննախապաշար եւ ան-խըտրական ոգի.- Վեց տասնամեակ առաջ նման կէտի մը գոյութիւնը ցոյց կու տայ, որ հայը այդ ժամանակներուն եւս խտրականութիւն դրած է իր եւ իր ազգակցին միջեւ, ինչ որ կը շարունակուի մինչեւ օրս։ Միշտ ալ սփիւռքահայը քննադատած է հայաստանաբնակ արեւելահայը, իսկ վերջինս, իր կարգին, քննադատած է սփիւռքահայը։ Մին Հայաստանի մէջ ապրելով ինքզինք աւելի հայ զգալու իրաւունքը վերապահած է իրեն, իսկ միւսը՝ առիթ բաց չէ ձգած քննադատելու Խորհրդային Միութեան իշխանութեան տակ բազմաթիւ ազդեցութիւններու ներքեւ գտնուած արեւելահայը: Այս կուսակցութեան անդամը ատած է միւս կուսակցութեան կողմնակիցը, եկեղեցիները իրենց կարգին անիմաստ պայքարի մաս կազմած են… ու այսպէս ազգ մը ամբողջ իրարու դէմ լարուած եղած է։ Բայց եւ այնպէս, նորաստեղծ կոմիտէութեան առաջին պայմաններէն մէկն էր հեռու մնալ խտրականութենէն։ Հայաստանը աշխարհի երեսին ապրող բոլո՛ր հայերուն հայրենիքն է՝ նոյնիսկ անոր, որ երբեւէ հայրենիք այցելելով մայր հողը տեսած, շնչած ու ապրած չէ։ Հայերէն լեզուն, երաժշտութիւնն ու մշակոյթը հաւասարապէս թէ՛ արեւելահայուն եւ թէ արեւմտահայուն կը պատկանի: Այս պայմաններու մէջ կոմիտէն պարտէր լաւապէս ճանչնար թէ՛ արեւմտահայը եւ թէ արեւելահայը, որովհետեւ նոյն ազգի զաւակներ ըլլալով հանդերձ՝ իւրաքանչիւրը իր դիմաց ունէր տարբեր մարտահրաւէրներ։ Տարբեր աշխարհագրութիւններու մէջ ըլլալով ունէին տարբեր նկարագիր, տարբեր ակնկալութիւն եւ հետեւաբար զանոնք մէկ նկատելն ու որպէս մէկ վերաբերիլը վստահաբար առողջ արդիւնք մը պիտի չտար: Միւս կողմէ, կոմիտէն պարտէր լաւապէս հասկնալ, որ սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունին մէկէ աւելի հայկական կուսակցութիւններ եւ կոմիտէութեան համար այս կամ այն կուսակցութիւնը առաջնահերթ չէր կրնար ըլլալ. քաղաքական ինչ հայեացքներ ալ ունենան, կոմիտէութիւնը պարտի զանոնք ընդունիլ որպէս հաւասար հայ։ Այս մէկը պարտէր ընել՝ որովհետեւ կոմիտէութեան երրորդ օրէնքը միայն ու միայն մշակութային գործունէութիւն ծաւալել էր:
բ- Սփիւռքահայութեան լաւ ճանաչողութիւն.- Ինչպէս ըսինք, արեւմտահայ եւ արեւելահայ մարդուն մարտահրաւէրները տարբեր են, սակայն, ըս-փիւռքը որպէս մէկ ամբողջական արեւմտահայութիւն պէտք չէ ընդունիլ։ Լիբանանի մէջ ապրող հայուն մարտահրաւէրը ամբողջութեամբ տարբերէ է Ամերիկայի մէջ ապրող հայու մարտահրաւէրէն եւ նոյն օրինակով իւրաքանչիւր գաղութ, իւրաքանչիւր երկիր ունի իր տարբեր մարտահրաւէրները, սպասումներն ու ակնկալութիւնները։ Կոմիտէութիւնը արեւմտահայուն մարտահրաւէրը ընդհանրացնելով չէր կրնար որոշումներ կայացնել։ Հետեւաբար, կոմիտէութիւնը պարտէր մէկ առ մէկ ճանչնալ ու ծանօթանալ գաղութներուն եւ լաւապէս հասկնար անոնց ակնկալիքները, ճանչնար կեանքի պայմանները ու իր աշխատանքով յաջողիլ արդարացնել անոնց սպասումները: Պայմանները տարբեր են, որովհետեւ գաղութի մը պարագային հայու ինքնութիւնը պահելը աւելի դիւրին է՝ քան այլ տեղ. օրինակի համար, Սուրիոյ կամ Լիբանանի մէջ հայ մնալը շատ աւելի դիւրին՝ քան Գանատայի կամ Ամերիկայի մէջ եւ հետեւաբար Լիբանանի հայ գաղութի յատուկ մօտեցումը եթէ գործադրուի Գանատայի կամ Ամերիկայի համար, վստահաբար արդիւնաբեր պիտի չըլլայ:
գ. Զուտ մշակութային գործունէութիւն.- Կոմիտէն պարտէր հեռու մնալ ամէ՛ն տեսակի քաղաքական հայեացքներէ ու խնդիրներէ։ Գաղութի մը մէջ «իշխող» կուսակցութիւն մը նոյնիսկ եթէ Խորհրդային Միութեան սկզբունքներուն հակառակ ըլլար, կոմիտէն պարտէր զբաղիլ միայն ու միայն մշակոյթով։ Այս նպատակով է, որ կոմիտէութիւնը իր անուան մաս կը դարձնէր «մշակութային» որակումը: Շատ մը օտար երկիրներու պարագային քաղաքական ու ազգային հայեացքները կասկածելի ու արգիլուած կրնար ըլլալ, սակայն, մշակոյթը հեռու ըլլալով այդ բոլորէն՝ լաւագոյն միջոցն էր պահելու սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւնը:
•շարունակելի…

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ
Բոլոր ժողովուրդներու պատմութեան հզօրագոյն վարիչ ուժը եղած է ազգային սեփական հողի տիրանալու ձգտումը:
ԲԻՒԶԱՆԴ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան