ԻՆՉՊԷՍՆ ՈՒ ԻՆՉԸ

Գրականութեան մէջ միշտ ալ եղած են երկու տարբեր համոզումներու տէր մարդիկ. ոմանք համոզուած են, թէ գրականութեան մէջ կարեւոր է, թէ մարդ ինչպէ՛ս կը գրէ, իսկ ուրիշներ կարեւորած են, թէ ի՛նչ կը գրեն եւ, իրականութեան մէջ, այս ինչին եւ ինչպէսին միջեւ կայ մեծ տարբերութիւն. Նոյն այդ խնդիրն էր, որ ստեղծուեցաւ գրականութեան մէջ աշխարհաբար լեզուի գործածութեան սկզբնաշրջանին, որովհետեւ ոմանք կը կարեւորէին լեզուի գործածութիւնն ու յօդուածի լեզուական կառուցուածքը, իսկ ուրիշներ՝ գրութեան միտք բանին ու իմաստը, որ շատ անգամ իր անկեղծութիւնը պահելու համար ինչպէսէն դուրս գալու անհրաժեշտութիւնը կ՚ունենար: Այս մէկը անցեալէն մինչեւ օրս լուրջ խնդիր է. ո՞ր մէկն է կարեւորը. ի՞նչ կը գրես, թէ ինչպէ՞ս կը գրես։ Գրականութեան արժէքը ձեւին մէ՞ջ է, թէ բովանդակութեան։ Այս երկուքը իրարմէ ինչքան ալ տարբեր թուին, իրականութեան մէջ, ունին հասարակաց գիծ մը, որովհետեւ իւրաքանչիւր գրող բան մը կ՚ըսէ եւ այդ մէկը իր ձեւով կ՚ըսէ եւ հետեւաբար, գրող մը կ՚ունենայ իր «ինչպէս»ն ու «ինչ»ը, սակայն, շատ մը գրողներու մօտ կը տեսնենք, թէ ձեւը ինքնին բաւարար կը սկսի նկատուիլ: Նման հակառակութիւն շատ անգամ կը գտնենք հետեւեալին մէջ. երգի պարագային բառե՞րն են կարեւորը, թէ երաժշտութիւնը. սակայն, այդ երկուքը եւս զիրար կ՚ամբողջացնեն, որովհետեւ տխուր ու յուզիչ բառերուն եթէ ընկերանայ պարային եղանակ մը (ինչ որ յաճախ կը պատահի), զաւեշտալի բան մը ի յայտ կու գայ: 

Շատեր կը հաւատան, որ նիւթէն աւելի ձեւն է կարեւորը. օրինակի համար, հայրենասիրութեան, սիրոյ, մահուան եւ բազմաթի՜ւ այլ նիւթերու մասին գրուած են անթիւ գրութիւններ եւ այդ նիւթերուն վրայ գրողը միայն ձեւն է, որ կրնայ աւելցնել՝ իր յատուկ ոճով ու մտածելակերպով։ Շատեր գրականութիւնը հետեւեալ կերպ կը տեսնեն. բոլորին դիմաց կայ դրուած բազմաթիւ նիւթեր եւ գրողը ինք նիւթը ընտրելով նոր կեանք, նոր ձեւ պիտի տայ անոնց եւ հետեւաբար, բուն ճկնութիւնն ու արուեստը լեզուի գործածութեան ձեւն է այդտեղ: Սակայն, այս համոզումին հակառակ կան այլ գաղափարի հաւատացողները. մտաւորականին հմտութիւնը ձեւէն աւելի նիւթը ստեղծելու կարողութեան մէջ է: 

Այս առումով հայ գրականութեան մէջ իր յատուկ տեղը ունի բանաստեղծ, քննադատ ու մանկավարժ Ինտրան։ Ան իր ժամանակաշրջանին մէջ մնաց հարցական. մտաւորակա՞ն էր, թէ զառանցող մը, որովհետեւ անոր գրութիւններուն մէջ ինչէն աւելի կարեւորութեան կ՚արժանանար ինչպէսը։ Իրապաշտ գրողներու այդ ժամանակաշրջանին վերացական ու փիլիսոփայական խառնուածքի տէր գրողը շատ անգամ անհասկնալի ըլլալ կը թուէր։ Ահաւասի՛կ, անոր տողերէն մին. «Հովը, անվերջ, անհատնում, նոճիներուն մութը դղրդելով, ալեծփելով կ՚անցնի. եւ խռովայոյզ նոճիներուն խորերէն խռպոտ հեծիւններ կ՚ելլեն»։ Ինտրայի գրականութեան մէջ նիւթէն աւելի պատկերներ, բառեր ու դարձուածքներ են. ան նիւթէն աւելի բառ կը ստեղծէ։ Անշուշտ, հաւասարակշռութիւնը կարեւոր է, այլապէս նորաստեղծ ու բառարանային մոռցուած բառեր ի մի բերելով գեղեցիկ նախադասութիւն մը կրնանք ստանալ, սակայն ո՛չ գեղեցիկ գրութիւն մը: 

Կը հաւատանք, որ գրելը նախ եւ առաջ տրուած է այն մարդոց, որոնք ինչպէս գրելէն անկախ ու առաջ ըսելիք ունին։ Գրողը գրող կը դառնայ իր ըսելիքով, իր գաղափարներով ու մտածումներով։ Գրուածքին նպատակը գաղափարն է, սակայն, միւս կողմէ, ձեւն է, որ սիրելի կը դարձնէ։ Նոյն նիւթին մասին, նոյն գաղափարներով երկու տարբեր յօդուածներ տարբեր ազդեցութիւններ կ՚ունենան, որովհետեւ նիւթին հետ մէկտեղուած ձեւը գրողը գրող կը դարձնէ։ Կը հաւատանք, որ գրականութեան ամէն մէկ բաժանում ունի իր յատուկ ձեւն ու ոճը. օրինակի համար, հրապարակախօսութեան մէջ շատ դարձուածքներ գործածելը շատ նպատակայարմար չենք տեսներ. հրապարակախօսութիւնը նիւթի մը արծարծումն է եւ պէտք է գրել այնպէս՝ ինչպէս կը խօսինք, ինչպէս կը մտածենք։ Պատմուածքի կամ արձակի պարագային դարձուածքներու գործածութիւնը շատ աւելի տրամաբանական կը թուի ըլլալ, որովհետեւ պատմուածքին կամ վէպին մէջ գրողը՝ ընթերցողը պիտի առաջնորդէ մտածելու եւ այդ մէկը իր մէջ խորհրդաւոր գաղափարներ կը պահանջէ՝ գրաւելու համար ընթերցողը։ Պէտք է հետեւեալը գրողներուն համար պարզ ու յստակ ըլլայ. ընթերցողը իրապէս կը զգայ ո՛ր մէկ դարձուածքը շինծու եւ արհեստական է եւ որ մէկը ոչ։ Հաւատացեալն ալ կը զգայ, երբ եկեղեցականներ փորձեն իրենց քարոզին մէջ արհեստական փիլիսոփայական ոճ մը մտցնել։ Թէ՛ պարզ ոճը եւ թէ դարձուածքները գրականութեան մէջ ունին իրենց տեղը, սակայն, պէտք է գիտնալ ո՛ւր եւ ե՛րբ գործածել. այնպէս ինչպէս խոհանոցին մէջ երկու տարբեր համեմունքներ կրնան ըլլալ՝ որոնք առանձին առանձին յատուկ ու համով են, սակայն, իրարւկ հետ գործածելու պարագային անհամ կը դառնան: Այսօր եւս մեր շուրջ կը տեսնենք որոշ «մտաւորական»ներ, որոնք կը քննադատեն պարզ լեզուն եւ ոճը։ Կը փորձեն իրենց գրութիւններուն մէջ չլսուած, բառարանի փոշիներէն բառեր հանել ու գործածել՝ տալ ուզելով այն տպաւորութիւնը, որ նման բառեր «պարզ» ու «սովորական» են իրենց համար։ Այլ յօդուածներու մէջ ըսած ենք ու դարձեալ ըսենք. քարոզի մէջ դրամին «մամոնայ» ըսելը մեծ վարպետութիւն մը չէ։ Կարելի է բառարանը բանալ ու որեւէ բառի հոմանիշը գտնել, սակայն, վարպետութիւնը ժողովուրդին հասկնալի դառնալն է։ Շատեր կը նախընտրեն անհասկնալի ըլլալ՝ որովհետեւ եթէ մարդ ըսելիք չունի՝ կը նախընտրէ անհասկնալի ըլլալ եւ իր մտաւորական պակասին փոխարէն այլոց չհասկնալը մեղադրել՝ պահելու համար իր մտաւորական ըլլալու համոզումները:

•​շարունակելի…

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Հայ խօսքը թափել գրչական ինքնուրոյն ձեւի մը մէջ (graphie), կը նշանակէ զայն տարանջատել օրերէն եւ շեշտել իր ազգային հպատակութիւնը:

ՇԱՀԱՆ ՇԱՀՆՈՒՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2026