ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՀՈՎԱՆԻ

Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցաւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարք Եփրեմ Բ.-ի հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Լիբանանի պատրիարքարանին մէջ, Աթշանէ։

Կիլիկեան Աթոռի գահակալին ընկերացան Անթիլիասի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Տ. Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Միջին Արեւելքի միջեկեղեցական յարաբերութեանց եւ միջկրօնական երկխօսութեան պատասխանատու Տ. Սարգիս վրդ. Աբրահամեան։ Ասորի պատրիարքի կողքին էին Պէյրութի եւ Զահլէի առաջնորդները։

Զրոյցի ընթացքին Արամ Ա. եւ Եփրեմ Բ. անդրադարձան Միջին Արեւելքի առկայ պատերազմին։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ նման՝ Ասորի Ուղղափառ եկեղեցին եւս համայնքներ ունի տարածաշրջանէն ներս։ Հետեւաբար, քոյր երկու դաւանակից եկեղեցիները ունին հասարակաց մտահոգութիւններ։ Բաց աստի, մանրամասն քննարկման ենթարկուեցան միջեկեղեցական բնոյթով շարք մը հարցեր։

Միւս կողմէ, Անթիլիասի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս անմիջականօրէն կը հետեւի Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու մատնուած կացութեան։ Ան հնարաւորինս կանոնաւոր եւ անմիջական հաղորդակցութեան մէջ է՝ Մերձաւոր Արեւելքի հայ համայնքներու պատասխանատուներուն հետ, որոնցմէ ստացուած տեղեկութիւններու լոյսին տակ կ՚արժեւորուի առկայ իրադրութիւնը եւ ընդհանուր գնահատական մը կը տրուի հայկական համայնքներու կարիքներուն։

Այս ամբողջին մէջ առանձնապէս կարեւոր էր Արամ Ա. Կաթողիկոսի հեռախօսազրոյցը՝ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգիսեանի հետ։ Այս առթիւ շեշտուեցաւ, որ վտանգաւոր կացութիւնը կը շարունակուի Իրանի բոլոր շրջաններէն ներս։ Մինչ այդ, Թեհրանի թեմը յայտարարութիւն մըն ալ հրապարակած է՝ ուղղեալ համայնքի անդամներուն։

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2026