ԲԱՐԻ ԿԱՄ ՉԱՐ ՕՐԵՐ…

Կասկած չկա՛յ, որ կ՚ապրիք կեանք մը՝ ուր օրեր կան երբեմն բարի, ուրախ, երբեմն չար, գէշ եւ տրտմալի. բայց ընդհանրապէս գէ՛շ։ Աշխարհի ո՛ր կողմը որ դառնանք, ուր որ նայինք. ոճիր, կռիւ, պատերազմ, անպարկեշտութիւն, ցաւ, վիշտ, ամբարտաւանութիւն եւ ամենէն ցաւալին՝ անաստուածութիւն, ուրացում եւ մերժում ամէն հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու՝ կարծես աշխարհ եւ կեանք միայն նիւթ է, եւ մարդ՝ միայն մարմին։

Երբ Աստուծոյ մասին խորհինք կամ խօսիք, ընդհանրապէս մեր երկնաւոր Հայրը կը տեսնենք որպէս սիրող, ներող, համբերող, բազմողորմ եւ գթառատ Տէր։ Այո՛, անտարակոյս, Ան է մեր Նախախնամը եւ Բարի Հովիւը՝ պաշտպանը, ամուր վէմը, անսասան, հաւատարիմ, երկայնամիտ, սիրակէզ Արարիչը։ Ճշմարիտ են այս բոլորը եւ ո՛չ մէկ կասկած…

Բայց, միւս կողմէն ալ պէտք չէ մոռնանք, որ Ան նաեւ Սո՛ւրբ Աստուած է՝ արդար, ճշմարտասէր, անաչառ եւ նախանձախնդիր։ Ուստի, պէտք է տեսնել Աստուծոյ քաղցրութիւնը եւ խստութիւնը, ինչպէս կը գրէ Պօղոս առաքեալ. (ՀՌՈՎՄ. ԺԱ 22)։ Արդարեւ, Նոյի օրերուն Տէրը խրատեց, սպասեց եւ համբերեց ամբարիշտ մարդկութեան, սակայն, երբ Անոր բարկութեան բաժակը լեցուեցաւ՝ մահացու Ջրհեղեղով բնաջնջեց աշխարհի չարերը։ Միա՛յն Նոյ եւ անոր ընտանիքը ազատեցան, քանի որ անոնք Աստուծոյ հնազանդելով տապանին մէջ ապաստանեցան։

Նո՛յնն է պարագան այն շրջաններուն՝ երբ մարդիկ շեղած ճշմարտութեան ճամբայէն կը մոլորին եւ կ՚ուրանան զԱստուած. բայց Աստուած երկայնամիտ կ՚ըլլայ, որովհետեւ չ՚ուզեր որ մէ՛կը կորսուի, հապա կ՚ուզէ որ բոլորն ալ ապաշխարեն. (Բ ՊԵՏ. Գ 9)։

Աստուած՝ Արարիչ եւ Նախախնամ, յստակ կերպով կը յայտնէ, թէ ի՛նչ կը պահանջէ մարդ արարածներէն։ Սաղմոսերգուին խօսքերը ահաւասիկ կը բացայայտեն Աստուծոյ պահանջքը.

«Տէ՛ր, ո՞վ պիտի կենայ քու վրանիդ մէջ. ո՞վ պիտի բնակի քու սուրբ լերանդ վրայ։ Ան որ անմեղութեամբ կը քալէ եւ արդարութիւն կ՚ընէ եւ ճշմարտութիւն կը խօսի իր սրտէն։ Ան որ լեզուովը չի զրպարտեր, ընկերին չարութիւն չ՚ըներ, եւ իր դրացիին վրայ նախատինք չի դներ. որուն առջեւ անարգուած է չարագործը, բայց աստուածավախները կը պատուէ, երդում կ՚ընէ իր դրացիին եւ չի դառնար, իր արծաթը վարձքով չի տար եւ անմեղին դէմ կաշառք չ՚առներ։ Ո՛վ որ ասոնք կ՚ընէ, յաւիտեան պիտի չսասանի». (ՍԱՂՄ. ԺԵ)։ Աստուծոյ պահանջքը ա՛յս է արարածներէն՝ որ կը յայտնուի նաեւ. (Բ ՕՐ. Ժ 12) եւ (ՄԻՔ. Զ 8) համարներու մէջ։

Սաղմոսերգուն շատ անգամներ հարցումներուն միջոցով Աստուածային ճշմարտութիւններ կը յայտնէ մեզի։ Վերոյիշեալ սաղմոսին մէջ կը տեսնենք «Պահանջկոտ Սուրբ եւ Արդար Աստուծոյ» չափանիշը՝ որ ճշմարիտ հաւատացեալի մը նկարագրին գիծերը կը շեշտէ։ Աստուած կ՚ուզէ, որ Իր զաւակները Իր գծաքաշին հետեւողները ըլլան եւ ուղիղ քալեն Իր ճանապարհին վրայ։ Ուստի, միասնաբար նայինք Սաղմոս ԺԵ-ին եւ սորվին, ծանօթանանք Տիրոջմէ Իր ներկայութեան մէջ գտնուելու կամ ապրելու գաղտնիքը։

Արդարեւ, ամէն մարդ որպէս ճշմարիտ հաւատացեալ կամ անուանական քրիստոնեայ, բնականաբար կը փափաքի եւ կը ցանկայ «Աստուծոյ վրանին տակ մնալ», Անոր հիւրը ըլլալ, Անոր հովանաւորութիւնը վայելել։ Նաեւ կ՚ուզեն Տիրոջ սուրբ լերան վրայ բնակիլ յաւիտեանս յաւիտենից, աշխարհի ցաւերէն, հարցերէն, չարութիւններէն հեռանալով։

Գիտենք, որ նեղութիւններով լեցուն օրեր կ՚ապրի մարդկութիւնը. «Չար օրուան մէջ՝ Իր բնակարանին մէջ զիս պիտի պահէ, Իր վրանին ծածկոյթով զիս պիտի ծածկէ… վէմի վրայ պիտի վերցնէ զիս…», կ՚երգէ սաղմոսերգուն. (ՍԱՂՄ. ԻԷ 5)։ «Տիրոջ վրանը» եւ «Անոր սուրբ լեռը»՝ Աստուծոյ ներկայութեան եւ սրբութեան մէջ մնալու փափաքը ցոյց կու տայ։ Ինչպէս. «Ես Քու խորանիդ մէջ պիտի բնակիմ յաւիտեանս, Քու թեւերուդ հովանաւորութեան տակ պիտի ապաւինիմ». (ՍԱՂՄ. ԿԱ 4)։ Ուստի, հասկնալով, մտառութեամբ մօտենանք սաղմոսերգուին խօսքերուն, քանի որ Տէրը մեզի կու տայ նորանոր լոյսեր եւ յոյսեր, որոնց շնորհիւ կարելի է աւելի սուրբ եւ բծախնդիր քրիստոնեաներ ըլլալ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 14, 2026, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մարտ 16, 2026