ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՆ ՖԷՆԷՐՊԱՀՉԷԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՏԵԹԹԻՆ ՍԱՐԱՆԻ ԿՈՂՄԷ
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ գործակից ընկերները երէկ հանդիպում մը ունեցան Ֆէնէրպահչէ մարզակումբի վարչութեան նախագահ Սատեթթին Սարանի հետ։ Ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ զրոյցը, որու ընթացքին շօշափուեցան երկու մարզակումբներու համագործակցութեան հեռանկարները՝ մասնաւորապէս մարմնամարզի ճիւղին հետեւող պատանի մարզիկներու կատարելագործման նիւթին շուրջ։ Հանդիպման ընթացքին Սատեթթին Սարան պատրաստակամութիւն յայտնեց, որ մարմնամարզի ճիւղին մէջ յաջողութիւն արձանագրած Շիշլիի մարզիկներու կատարելագործման նպատակով Ֆէնէրպահչէ մարզակումբի հնարաւորութիւնները ի սպաս պիտի դրուին, որպէսզի անոնք ալ օգտուին եւ կարելիութիւն ունենան նորանոր նուաճումներու հասնելու։
Զրոյցի աւարտին Շիշլի մարզակումբի վարչայինները Սատեթթին Սարանին յանձնեցին յուշանուէրներ։
Ալէն Թեքպըչաք Սատեթթին Սարանէն հրաժեշտ առնելէ առաջ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ ընդունելութեան ընթացքին ցուցաբերուած ջերմ վերաբերմունքին եւ մանաւանդ՝ երիտասարդ մարզիկներու պարագային ցուցաբերուած պատրաստակամութեան համար։
