ՑԻՑՆ ՈՒ ՎՐԱՆԸ
Օրինակելի մարդը ա՞ն է, որ իր թերութիւնները՝ մտային ու մարմնական կը ծածկէ գօտիներու եւ լանջակալներու տակ, ինչպէս կ՚ընէ արուեստագէտը նախքան փողոց իջնելը:
Եւ կամ, եթէ որեւէ մէկ պետութիւն թռչող աղաւնի մը գծէ իր բանտերու դռներուն վրայ, այդպիսով ինքզինք եւ իր քաղաքացիները համոզա՞ծ կ՚ըլլայ իր հողերէն ներս ազատութեան գոյութեան:
Այս կ՚ըսեմ, պատասխանելով ընթերցողներէն մէկուն հարցումին, որ ամօթանք կու տայ ինծի, որովհետեւ խոստովանած եմ, թէ իմ կեցուածքներուս մեծամասնութիւնը ծաղրանկարային են:
Առաջին. ես ատով հպարտ չեմ:
Երկրորդ. կեանքիս առաջին (յառաջադէմ հարուածը) ստանալէս քսանեօթ տարիներ ետք, այլեւս ոչ ոքի կը վստահիմ, ընդհակառակը, այդ օրուընէ ի վեր, իմ ապագաս դգալիս մէջ եղաւ:
Երրորդ. կրնամ ըսել, այդ մէկը յանուն ժողովուրդին զոհողութեան ու պայքարի տուրքն է. նաեւ, կրնամ քեզի համար պայքարով լեցուն պատմութիւն մըն ալ հնարել, որու վրայ փոշիի հետք իսկ չըլլայ: Այս ինչ տարիին վիրաւորուեցայ, այն ինչ ցոյցի ժամանակ ճանկռտուեցայ, սակայն, իրականութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր է:
Պատմութիւնը այն է, որ տասներեք տարեկան հասակիս միայնակ աղքատ մըն էի, գիւղի մը մէջ, որ իր բնակիչներէն աւելի միայնակ ու աղքատ էր: Հովը կը փչէր, անձրեւը կը տեղար, մինչ ես անոր մութ փողոցներուն վրայ կը սլքտայի, առանց գիտնալու ինչպէս ձերբազատէի առանձնութենէն ու ձանձրոյթէս: Այդ գիշեր փորձեցի տուն մտնել, բայց կղպուած էր: Փորձեցի սինեմա մտնել, բայց դրամ չգտայ, որով որոշեցի որեւէ մէկ կուսակցութիւն մտնել: Միլիոնաւոր աղքատ պարտիզպաններուն նման էի այդ ժամանակ, շատ աւելի առանձին ու չոր ցիցը, աւելին, որ պէտք է խրուէր հողին մէջ ու վրան ալ վրան մը քաշուէր:
Կարեւորը, գիւղէն ներս կային երկու նոր կուսակցութիւններ, որոնք իրարու հետ կը մրցէին: Անոնցմէ մէկուն միանալու ճանապարհիս, յայտնի դարձաւ ինծի, թէ անոնց մէկը թաղէն հեռու է եւ անոր կեդրոնին մէջ վառարան չկայ… Եւ որովհետեւ պաղէն մարմինիս ծայրերը սառած էին, առանց վարանելու ընտրեցի երկրորդը, որովհետեւ մեր թաղին մօտիկ էր եւ անոր կեդրոնէն ներս վառարան կար…: Մինչեւ հիմա անոր սկզբունքներէն եւ ո՛չ մէկը կարդացած եմ, ինչպէս նաեւ ցուրտի այդ ալիքը անցնելէն մի քանի օր ետք այլեւս ո՛չ մէկ ժողովի մասնակցած եմ, ո՛չ ալ որեւէ մէկ գործունէութիւն ծաւալած եմ անոր ի նպաստ, բացառութեամբ մէկ անգամէ, երբ ինծի պարտականութիւն տուին օգնութիւն հաւաքելու այն գիւղերէն մէկէն, որու պարտէզներուն մէջ կ՚աշխատէի, որով հաւաքեցի օգնութիւններն ու անդամավճարները, ու ատոնց գումարով տաբատ մը գնեցի, եւ այդ եղաւ…:
Այդ ժամանակէն սկսեալ առատաձեռնը ըսաւ՝ ա՛ռ: Երիտասարդութիւնս նկատի ունենալով, իշխանութիւնները չափազանց հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին ինծի նկատմամբ եւ շուտով մօտեցուցին զիս տղամարդ ըլլալու տարիքին, ինչպէս նաեւ հաւատքին, հայրենիքին ու ազատութեան, եւ անիմջապէս ես մօրուք ու պեխեր ունեցայ, ինչպէս նաեւ վիրակապերէ պատրաստուած ապարօշ մը:
Այդ ժամանակներէն սկսեալ սկսայ խուսափիլ ոեւէ մէկէն, որ գլխարկ դրած կ՚ըլլար, նոյնիսկ եթէ հանրակառքին մէջ դրամ հաւաքող ըլլար, կամ ալ պաղպաղակ ծախող:
Արդարեւ, ի՞նչ կը սպասես քաղաքացիէ մը, որ տարիներ ու տարիներ իր վրայէն անցած է բեռնակառք մը բեռնաւորուած արժանիքներով, կարգախօսերով ու հրապարակային ելոյթներով, եւ իւրաքանչիւր վարորդ իրեն քմահաճոյքն ու յատուկ ուղղութիւնը ունի: Տակաւին, ի՞նչ կը սպասես, որ իր տակէն դուրս գայ. ֆիզիքական կատարելութեան արքա՞յ մը:
Լռէ՛, այ մարդ, եթէ ես իմ խորքերուս մէջ կոտրուած իւրաքանչիւր անդամի համար «անթացուպ» մը գործածէի, ապա տանս կողքին ատաղձագործարանի մը կարիքը կ՚ունենայի:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ