ԳԵՐՄԱՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Գերմանիոյ մէջ ծառայող կաթոլիկ երիտասարդ հոգեւորականներու խումբը՝ առաջնորդութեամբ Իսթանպուլի գերման կաթոլիկ Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Ճոշուա վարդապետի։ Ընդունելութեան ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան։
Այսպէս, Պատրիարքարանի հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը հոգեւորականներուն տեղեկութիւններ տուաւ ընդհանրապէս Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան, Պատրիարքական Աթոռի ու հայ համայնքի կեանքի մասին։ Իրենց կարգին, հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ յուշանուէր մը յանձնեցին Պատրիարք Հօր, որ անոնց նուիրեց «Քրիստոնէութեան հիմնական սկզբունքները» գիրքին անգլերէն օրինակը։
Ապա, հիւրերը Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեանի առաջնորդութեամբ՝ այցելեցին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցի, ուր տէր հայրը ընդառաջելով հիւրերու փափաքին երգեց շարականներ։ Անոնք եւս, իրենց կարգին, հոգեւոր երգ մը երգեցին եւ շնորհակալութիւն յայտնելով հրաժեշտ առին։