«ԵՐԵՒԱՆԵԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ» ԵՐՐՈՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ 5-6 ՄԱՅԻՍԻՆ
Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս ընդունուեցան՝ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու առաքելութիւններու ղեկավարները: «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար Դաւիթ Կարապետեան անոնց բացատրութիւններ տուաւ «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովին շուրջ, որ այս տարի երրորդ անգամ պիտի կազմակերպուի: Համաժողովը նախատեսուած է 5-6 մայիսին: Դաւիթ Կարապետեան դիւանագէտներուն ներկայացուց միջազգային համաժողովի հայեցակարգը, ինչպէս նաեւ նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքը:
Բաց աստի, հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ՝ համաժողովի շրջանակներէն ներս նախատեսուած «Երեւանեան երկխօսութիւն. երիտասարդ առաջնորդներ 2026» նախաձեռնութեան, քննարկուեցան այս համաժողովի հայեցակարգին եւ մասնակցութեան հաւանական ձեւաչափերուն վերաբերեալ հարցեր: