ՎԵՀ. ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՑԱՒԱԿԻՑ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ցաւակցական մը ուղարկեց՝ Վրաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ Իլիա Բ. Կաթողիկոս-պատրիարքի վախճանման առթիւ: Ցաւալի կորուստին կապակցութեամբ, յանուն Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութեան եւ հաւատացեալ հայ ժողովուրդին՝ Վեհափառ Հայրապետը ուղարկեց ցաւակցագիր մը, որու բովանակութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է հետեւեալը.

«Նորին Սրբութիւն Իլիա Բ. Կաթողիկոս-պատրիարքի բազմամեայ հովուապետական ծառայութեան ընթացքը վկայութիւն եղաւ հաւատքի ամրութեան ու հոգեւոր նուիրեալ առաջնորդութեան: Իր հովուապետութիւնը նշանաւորուեցաւ Վրաստանէ ներս հոգեւոր կեանքի վերազարթօնքով, եկեղեցական կեանքի զօրացմամբ եւ աշխուժացմամբ: Դժուարին ժամանակներու մէջ երջանկայիշատակ պատրիարքը հայրական իմաստութեամբ ու սիրով առաջնորդեց իր հաւատաւոր հօտը՝ հաստատուն պահելով Վրաց Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը»: 

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը Ամենակալ Տիրոջ մխիթարութիւնը հայցեց Վրաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւորականութեանն ու վրաց սգակիր բարեկամ ժողովուրդին՝ մաղթելով, որ Նորին Սրբութեան յիշատակը միշտ վառ մնայ հաւատաւոր իր զաւակներու սրտերուն մէջ եւ ներշնչման աղբիւր դառնայ յաջորդ սերունդներուն համար:

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2026