ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՀԵՐՔԵԼԻ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ Է

Պօղոս առաքեալ Կորնթացիներուն ուղղած առաջին նամակին մէջ կը խօսի անոնց Քրիստոսի յարութեան, ինչպէս նաեւ մեռելներու յարութեան մասին ընդհանրապէս, բացատրելով այդ յարութեան ճշմարտացիութիւնը, որովհետեւ ոմանք չէին ընդուներ եւ չէին հաւատար Քրիստոսի յարութեան, ինչպէս նաեւ այն հաւատալիքին, թէ մեռելներն ալ հանդերձեալին յարութիւն պիտի առնեն: Այսօր ալ մեծ չէ՞ թիւը այնպիսիներուն, որոնք ունին նոյն մօտեցումը, որու վրայ հիմնուելով «կեր, արբ եւ ուրախ լեր»ի սկզբունքը դրօշակ դարձուցած, անհոգութեամբ եւ անտարբերութեամբ կ՚ապրին իրենց կեանքը:

Առաքեալը խօսելով Քրիստոսի յարութեան եւ մեռելներու յարութիւն առնելուն մասին, կ՚ըսէ. «Եթէ մեռելներու յարութիւն չկայ, ապա Քրիստոս ալ յարութիւն չէ առած: Իսկ եթէ Քրիստոս յարութիւն չէ առած, զուր է մեր քարոզութիւն, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը» (Ա. Կր 15.13-14):

Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան այսպէս կը բացատրէ այս երկու համարները.

* Եթէ մեռելներու յարութիւն չկայ, ապա Քրիստոս ալ յարութիւն չէ առած: Այս անգամ հակառակ կողմէն կը դնէ առաքեալը համաբանութիւնը: «Աղէկ, դուք կ՚ըսէք, թէ մեռածները յարութիւն չեն առներ, Քրիստոս մեռաւ, ուրեմն Քրիստոս ալ յարութիւն չէ առած կամ խնդիրը թէական դնելով Քրիստոս կա՛մ յարութիւն առած չէ կամ առած է: Եթէ առած է, ինչպէս որ կ՚ընդունիք դուք, մարդիկ ալ յարութիւն պիտի առնեն, իսկ եթէ առած չէ, ինչ որ չէք ընդունիր, մարդիկ ալ պիտի չառնեն, եւ դուք ձեզի դէմ կը գործէք»: Երկսայրի սուր մը, որուն ո՛ր կողմէն ալ մօտենան իրենց պիտի վնասէ:

Իսկ եթէ Քրիստոս յարութիւն չէ առած, զուր է մեր քարոզութիւն, զուր է նաեւ ձեր հաւատքը: Ասով կը մատնանշուի հետեւանքը, որ յառաջ պիտի գայ Քրիստոսի յարութեան ժխտումէն:

Ստութիւնը առաքելական քարոզութեան եւ խորտակումը՝ քրիստոնէական յոյսին եւ հաւատքին: Քրիստոսի յարութիւնը այնպիսի ճշմարտութիւն մըն է, որ չես կրնար ըստ կամս ընդունիլ կամ մերժել: Անիկա կեդրոնական սիւնն է, որուն վրայ կը բարձրանայ Աւետարանի շէնքը: Իր փլուզումը կը նշանակէ ամբողջ շէնքին կործանումը:

«Քարոզութիւն»ը այստեղ չի նշանակեր քարոզելու գործողութիւնը, այլ քարոզուածը՝ Աւետարանը: Աւետարանը իր կորիզին մէջ պատգամ մըն է յարուցեալ Քրիստոսի մասին: Հաւատքը հիմնուած է յարուցեալ Քրիստոսի վրայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

18 մարտ 2026, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2026