ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՏՐԴԱՏ

Ազգային պատմութեան մէջ ծանօթ է Խոսրովի սպանութեան պարագան։ Ուստի, Խոսրովի մահէն ետք Հայաստան անկերպարան վիճակ մը կը ստանայ։ Պարսիկները կը տիրեն անոր եւ իրենց գերիշխանութեան տակ կ՚առնեն։

Տրդատ Խոսրովի փոքրիկ որդին կը փախցուի հռովմէական բանակը՝ ուր կը մեծնայ, կը դաստիարակուի հռովմէական կրթութեամբ։ Ապա հռովմէական բանակին շնորհիւ կը մտնէ Հայաստան, կռիւներ կը մղէ պարսից դէմ եւ կ՚իշխէ հայոց (262-276)։ Սակայն, նեղը մնալով վերստին կ՚ապաստանի հռովմէական երկիրը, ուր կը մնայ մինչեւ 287 թուականը, երբ վերջնականապէս կը ստանայ իր հայրենի գահը։

Գրիգոր մտած էր արդէն Տրդատի բանակը՝ իբրեւ զինուոր եւ քարտուղար արքային։

Քանի մը պատճառ ցոյց կը տրուին Գրիգորի այս արարքին համար. ոմանք, հետեւելով Խորենացիի (Բ գլխ. էջ 161), կը կարծեն, թէ Գրիգոր ուզած է. «զհայրենեանց հատուցանել պարտիս», այսինքն՝ իր հօրը՝ Անակի տիրապետութեան փոխարէն հատուցում մը ընել։ Ուրիշներ կը կարծեն, թէ Գրիգոր հետեւեցաւ Տրդատի կա՛մ մտաւ Հայաստան քարոզութեն եռանդէն մղուած։

Ամէն պարագայի տակ Գրիգոր Տրդատի կանուխէն ընկերացած էր անոր առաջին անգամ Հայաստան մտնելէն ի վեր, հետեւաբար անոր հետ հեռացած էր նաեւ՝ Հայաստանէն, վերստին դառնալու համար։

Տրդատ յաղթանակով մտած էր Հայաստան եւ դեռ մայրաքաղաք չհասած՝ ուզած էր հանդէսներ եւ տօն սարքել իր յաջողութեան համար։ Ամբողջ բանակը կը գտնուէր Երէզ աւանի մօտ։ Երէզ աւանը, որ Եկեղեաց գաւառին մէջ էր. այժմու Երզնկայի քովիկ, կը գտնուէր հայոց յայտնի աստուծուհին՝ Անահիտի մեհեանը։

Տրդատ հրաման կ՚ընէ պաշտամունք մատուցանել հայոց մեծ դիցուհիին, ինչպէս միւս աստուածներուն իբրեւ նշան երախտագիտութեան։ Գրիգորի ալ կը յանձնարարէ ծաղկէ պսակ եւ թաւ ոստեր նուիրել Անահիտի։ Գրիգոր կը մերժէ կատարել անոր հրամանը։ Տրդատ եւ իր աւագանին գինարբուքի մէջ էին, հետեւաբար թագաւորը իր հրամանը կ՚երկրորդէ, թերեւս գիտնալով իսկ, որ Գրիգոր քրիստոնեայ էր։ Նախ կ՚աշխատի համոզիչ խօսքերով ողոքել, ապա բարկանալով կը հրամայէ ծանր պատիժներ տալ, խախտելու համար անոր կրօնական համոզումը, բայց անօգո՛ւտ։

Այս միջոցներուն Տաճատ իշխանը՝ որ Կեսարիա ապրած էր, կը ստուգէ Գրիգորի ինքնութիւնը եւ Տրդատի ալ կը հաղորդէ, թէ ան տիրասպան Անակի զաւակն է նոյնիսկ։ Այս յայտնութիւնը Տրդատը աւելի կը զայրացնէ եւ պատճառ կ՚ըլլայ, որ ան սաստկացնէ նաեւ չարչարանքները։ Ամենէն ետքը հրաման կ՚ընէ մահապարտերու վիրապը նետել զայն։ Վիրապը կը գտնուէր Արտաշատի բլուրին վրայ՝ ուր կանգնուած էր Խոր Վիրապի վանքը։ Տեսակ մը նկուղ բանտեր էին այդ վիրապի ներսը՝ ուր կը նետուէին մահապարտները եւ անսուաղութեամբ եւ չարչարանքով կը մեռնէին։

Գրիգոր մնաց այդ վիրապին մէջ՝ ըստ աւանդութեան տասներեք տարի։ Անվնաս ապրեցաւ ան, շնորհիւ բարեպաշտ այրիի մը՝ որ կը հոգար անոր ոգեպահիկը։ Այդ բարերար կինը անծանօթ մըն է. ոմանք կը կարծեն, թէ քրիստոնեայ հաւատացեալ մըն էր. ուրիշներ բանտապահին կինը կը նկատեն զայն, իսկ շատեր կը կարծեն, թէ Տրդատի քրոջ՝ Խոսրովիդուխտի հոգածութեամբ նշանակուած կին մըն էր ան։

Հաւանաբար Խոսրովիդուխտ գաղտնի կա՛մ քրիստոնեայ եղած էր եւ հաւատացած Գրիգորի, եւ կա՛մ քրիստոնեաներու համակիր մըն էր եղած։

Ս. Գրիգորը Խոր Վիրապ նետել տալէն ետքը, Տրդատ, հետեւելով հռովմէական կայսերու օրինակին, հալածանքի հրովարտակ հանեց իր երկրին մէջ, եւ յանձնարարեց ժողովուրդին՝ ջերմեռանդ ըլլալ դէպի իր հայրենի կրօնը, չբարկացնել եւ չանպատուել իր սեփական բարերար աստուածները։

Խիստ պատիժներ որոշեց նաեւ անոնց համար, որոնք իր այս յորդորներուն եւ հրամաններուն կ՚անսաստեն եւ չեն հնազանդիր եւ կը հետեւին քրիստոնէական կրօնին նման նոր եւ օտար հաւատքի մը։

Տրդատ այնուհետեւ շարունակեց իր երկիրը ընդարձակել եւ խաղաղեցնել իր սահմանները…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 18, 2026, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2026