Ուրբաթ 27, Մարտ 2026
ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ երկու ղեկավարները երկկողմանի օրակարգի շրջանակի հարցերուն վրայ կանգ առին։ Անոնք պայմանաւորուեցան, որպէսզի յառաջիկային յարմար առիթով մը քննարկումները շարունակեն՝ դէմ դիմաց հանդիպման ձեւաչափով։
Քրեմլինի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ։
Երեքշաբթի, Մարտ 24, 2026