ԱՄԷՆ ՕՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ ԿԱՐԴԱ՛

Մովսէսի եւ հրեայ ժողովուրդին պատմութիւնը յայտնի է մեզմէ շատերուս եւ Աստուածաշունչէն գիտենք, թէ ինչպէս Մովսէս Աստուծմէ թելադրութիւն կը ստանայ վերադառնալու Եգիպտոս եւ Աստուծոյ ժողովուրդին՝ հրեայ ժողովուրդը ազատագրելու եգիպտացիներու եւ փարաւոնի ծառայութենէն:

Մովսէս երբ կը վերադառնար, Աստուած կը յայտնէ Ահարոնին այդ իրողութիւնը: Ահարոն ընդառաջ կ՚երթայ Մովսէսին՝ դիմաւորելու համար զինք: Հանդիպելէ ետք Մովսէս կը յայտնէ Ահարոնին Աստուծմէ ստացած թելադրութիւնը: Մովսէսն ու Ահարոնը ծերակոյտը կը հաւաքեն, որպէսզի տեղեկացնեն անոնց իրողութիւնը: Ելից գիրքին մէջ կը կարդանք. «Մովսէսն ու Ահարոնը գացին եւ հաւաքեցին իսրայէլացիներուն ամբողջ ծերակոյտը: Ահարոնը անոնց հաղորդեց բոլոր այն պատգամները, որ Տէրը յայտնած էր Մովսէսին, եւ Մովսէս նշաններ գործեց ժողովուրդին առջեւ: Ժողովուրդը հաւատաց եւ ուրախացաւ, որ Աստուած այցելած է իսրայէլացիներուն, ականատես եղած է իրենց տառապանքներուն: Ժողովուրդը խոնարհեցաւ ու երկրպագեց» (Ելք 4.29-31):

Աստուած այսօր ալ կ՚այցելէ Իր ժողովուրդին՝ քրիստոնեաներուն, ո՛չ անուամբ, այլ՝ ճշմարտութեամբ, որոնք Տէր Յիսուսը որպէս Տէր եւ Փրկիչ կը դաւանին: Անցեալին, Աստուած Մովսէսին միջոցով այցելեց Իր ժողովուրդին, որպէսզի փրկէ զանոնք, ժամանակի ընթացքին Իր Միածին Որդին ղրկեց, որ Խաչի վրայ զոհագործումով մեզի վերստին որդեգրութեան շնորհին արժանացուց, իսկ այսօր Աստուած կ՚այցելէ մեզի Իր շունչով գրուած Գիրքով՝ Աստուածաշունչով:

Այսօր մեզմէ շատեր դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու կը հանդիպին, փորձութիւններու կ՚ենթարկուին եւ չեն կրնար յաղթահարել այդ բոլորը, եւ տկարութեան մէկ պահուան մէջ կը սկսին բողոքել, թէ Աստուած լքած է զիրենք: Բայց իրականութիւնը ճի՛շդ հակառակն է, որովհետեւ մե՛նք է յաճախ, որ մեր՝ կեանքի նկատմամբ ունեցած սխալ ըմբռնումներով ու հասկացողութեամբ կը հեռանանք Աստուծմէ, կը դադրինք լսել Անոր ձայնը, կը հրաժարինք հետեւիլ Իր խորհուրդներուն: 

Մեր բոլոր դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն պատասխանները Աստուածաշունչին մէջն են: Մեզի հանդիպած փորձութիւններուն յաղթելու միջոցներն ու զէնքերը Աստուածաշունչին մէջն են: Ո՛չ թէ պատասխանները, միջոցներն ու զէնքերը մեր մօտ պիտի գան, այլ՝ մե՛նք պէտք է երթանք անոնց: Իսկ երթալու համար պէտք է Աստուածաշունչ կարդանք, կարդանք ամէ՛ն օր, ուրախ ըլլանք թէ տխուր, յաջողութեան հասած թէ ձախողած, վստահ ըլլալով, որ մեր իւրաքանչիւր հոգեվիճակին ու տրամադրութեան համապատասխան մխիթարութիւն, սփոփանք ու քաջալերանք պիտի գտնենք: 

Չծուլանանք, հետեւաբար, եւ ամէն օր ու միշտ Աստուածաշունչ կարդանք:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

24 մարտ 2026, Վաղարշապատ

Չորեքշաբթի, Մարտ 25, 2026