ՈՒԹ ՎԱՅՐԿԵԱՆ
Պրն. Ալին յոգնած դուրս եկաւ աշխատավայրէն եւ հակառակ անոր, որ վարժուած էր իր աշխատավայրէն մինչեւ իր տունը քալելով դառնալ, բայց նախընտրեց ինքնաշարժ մը վարձել, որպէսզի զինք իր տուն հասցնէ: Ամբողջ ճամբուն ընթացքին կը մտածէր այն դատի մասին, որ իր ամբողջ օրը լեցուցած էր: Արձակուրդի օր ե՞րբ ընտրեմ. ինչպէ՞ս անցընեմ զայն եւ ո՞ւր: Ամէն տարի այս հարցը երկար ժամանակ կը խլէ իրմէ. եւ երբ ինքնաշարժը մեծ շէնքին առջեւ հասաւ, վարորդին իր իրաւունքը տուաւ, տեսակ մը հպարտութեամբ գլուխը շարժեց դռնապանին եւ ուղղուեցաւ դէպի վերելակ…:
Այնտեղ, մինչ ան կը սպասէր, որպէսզի դագաղը իջնէր՝ ինչպէս կը կոչէր զայն, եկաւ իրեն այն անակնկալը, որուն երբեք չէր սպասեր: Մոռցած էր տան բանալիները: Ապա, յիշեց, որ մոռցած էր զանոնք գրասենեակի սեղանին վրայ… Ի՞նչ պէտք է ընել, վճռորոշ կերպով հարցուց ինքն իրեն եւ պզտիկ շրջադարձ մը կատարեց ինքն իր շուրջ:
-Ի՞նչ պատահեցաւ պրն. Ալի:
-Ոչ մէկ բան, ոչ մէկ բան Թէյսիր, պարզապէս բանալիներս մոռցայ:
-Կրնամ դուռը ներսէն բանալ պրն. Ալի, սակայն, կը յիշե՞ս եթէ պատշգամիդ դռները բաց ձգած էիր:
-Պատշգամին դռնե՞րը: Նկատի ունիս, որ կ՚ուզես կողքի պատշգամէն իմ պատշգամս ցատկե՞լ:
-Այո:
Դռնապանը հանգստութեամբ պատասխանեց, որով պրն. Ալիի ճակատէն հեռացաւ համարձակ առաջարկին վախը… Արդարեւ, իններորդ յարկին վրայ մարդու մը պատշգամէ մը ուրիշ պատշգամ ցատկելը գեղեցիկ խաղ մը չէ, որովհետեւ պատը, որ կը բաժնէ երկու յարկաբաժինները՝ դէպի դուրս ցցուած է շէնքէն, որով անոր չորս կողմէ դառնալը՝ այդ բարձրութեան վրայ, գլխապտոյտ կը պատճառէ…, սակայն, Թէյսիրի առոգանութիւնը տարօրինակ հանգստութիւն մը ունէր, որով պրն. Ալին անոր ուղղուելով, ըսաւ.
-Այո՛, պատշգամին դռները բաց ձգած եմ. ես վստահ եմ, թէ զանոնք բաց ձգած եմ:
1
…Վերելակը հասաւ եւ Թէյսիրը դուռը բացաւ, ապա ձգեց, որ իր ետեւէն գոցուի: Ձեռքին հին ժամացոյցը ցոյց կու տար, թէ ժամը երկուքը եօթը վայրկեան կ՚անցնէր եւ կարմիր սլաքը պզտիկ սատանայի մը նման անոր շուրջը կը դառնար: Իր ձեռքը անհոգութեամբ իջեցուց դէպի վար, ապա սկսաւ նայիլ իր դէմքին՝ վերելակի կոտրուած հայելիին մէջ. անոր կոկորդին մէջ բամպակի ձէթի համ կար եւ զգաց, թէ ծանրութեամբ շնչէ… «ո՛չ, ես չեմ վախնար…», գլուխը շարժեց հայելիին դիմաց, ժպտաց՝ շրթները երկնցնելով ինչքան որ կրնար, ապա ձեռքերը պարզեց եւ կռթնեցաւ վերելակի երկու պատերուն ու քիչ մը կռանալով սկսաւ նայիլ կապոյտ կլորներուն, որ իր աչքերուն չորս կողմէ գծուած էին:
Անոր գլուխին մէջ մտածում մը կար, որ փաթթուած էր մանիշակագոյն մետաքսի բոժոժով մը, որու շուրջ պիծակ մը կը դառնար, ով հաճոյք կը ստանար սպասելէն, սակայն, մտածումը այնտեղ էր, իսկ պիծակը անկարող էր իր ազատ կամքով հասնելու համար բոժոժին մէջ… Քիչ ետք թիւ 13-րդ յարկաբաժին պիտի հասնի, որ նոյնիսկ կէս օրով վարձու չէ՛ տրուած: Դէպի պատշգամ իր ճամբուն վրայ բաղնիքի դռնէն պիտի անցնի, այնտեղ, անպայման միջատ մը պիտի տեսնէ տեղ մը, կռնակին վրայ պառկած՝ ձեւանալով, թէ սատկած է. ապա, ննջարան պիտի հասնի, ուր պիտի գտնէ փոշիի պզտիկ գնդակներ, որ պլլուած են մազի մը վրայ… ուրկէ՞ կու գայ մազը ննջարան՝ ուր երբեք մարդ չէ ապրած. ապա պիտի փնտռէ պատշգամին ապակեայ դուռը… ո՛չ, աւելի լաւ է, որ այս մասին չմտածէ:
«Թէյսիր, դուն կը վախնա՞ս»: Բազուկները կուրծքին տարաւ ու մտածեց. «Վերելակը սողալով սպաննող դանդաղութեամբ կը բարձրանայ, կարծէք առանց պոչի օձ մը ըլլայ. օր մը անպայմանօրէն պէտք է նորոգել զայն»: Գիտէր, որ այդ բոլորը պարզապէս անոր համար էին, որ մանիշակագոյն բոժոժէն հեռանար եւ կը վախնար աւելի մօտենալ անոր… այդ պատճառով, փորձեց ուրիշ մտածումէ մը կառչիլ, որ յիմար մտածում մըն է. ի՛նչ կ՚ըլլար, եթէ վերելակը շարունակէր բարձրանալ առանց կանգ առնելու, տանիք հասնէր, ու շարունակէր բարձրանալ, առանց կանգ առնելու: «Թէյսիր, տեսա՞ր, դուն կը վախնաս»: Դարձեալ հայելիին նայեցաւ, լայն ծիծաղով մը ծիծաղեցաւ, ընդարձակ փափաք մը զգալով իր լեզուն երկարելու, սակայն, վերելակը կանգնեցաւ եւ իր սիրտը սկսաւ [արագ-արագ] զարնել. «Թերեւս, որովհետեւ վերելակը յանկարծ կանգնեցաւ», ինքն իրեն ըսաւ, «ամէն անգամ նոյն բանը կը պատահի». «Նախ ձեռքս պիտի դնեմ երկու յարկաբաժինները բաժնող պատին վրայ, ապա մէկ ոտքս պիտի բարձրացնեմ եւ զայն պիտի դնեմ երկաթէ կապոյտ արգելքի եզրին, ապա ափս պիտի դնեմ բաժնող պատին միւս կողմը. այստեղ, պէտք է միւս ոտքս տեղափոխեմ ու դնեմ զայն այդ արգելքին տակը, որպէսզի կարենամ առաջին ոտքս տեղափոխել միւս արգելքին». գլուխը թօթուեց, հրեց վերելակին դուռը, ապա սկսաւ իր լայն գրպաններուն մէջ փնտռել 13-րդ յարկաբաժինին բանալին, այն յարկաբաժինին, որ նոյնիսկ կէս օր իսկ չէր վարձուած: Փոքր յուսահատութիւն մը զգաց, երբ այդ յարկաբաժինին բանալին առաջին բանալին էր, որ իր ձեռքը հանեց զայն գրպանէն:
Դէպի պատշգամ գացող ճամբու ընթացքին փորձեց չմտածել. իր գլուխը թափանցիկ կապոյտ փոշիով լեցուն էր, որ պզտիկ երգ մը կ՚երգէր, ապա լռեց եւ պինդ կերպով շրթունքները սեղմեց. իսկ երբ իր ափը պատշգամի դրան բռնակին վրայ դրաւ, գունաւոր պիծակը շատ-շատ մօտեցած էր մանիշակագոյն բոժոժէն եւ սկսած էր ուղղակի անոր վրայ թռչիլ. «Գիտե՞ս ինչու այս յարկաբաժինը չեն վարձած նոյնիսկ կէս օրով. որովհետեւ այդ թիւը ձախորդութիւն ունի իր մէջ. այո՛, այդ է պատճառը, ձախորդ սենեակ մըն է…»: Փափաք զգաց դրան բռնակը ձգել եւ ետ իր տեղը վերադառնալու, սակայն, այդ բոլորը անկարելի էին. գլուխը քանի քանի անգամներ թօթուեց, բռնակը արագօրէն քաշեց եւ արագ քայլերով ուղղուեցաւ դէպի կապոյտ արգելքը:
Ահաւասիկ իններորդ յարկը: Այդպէս մտածեց, երբ դէպի վար կը նայէր, սակայն, ամէն բան սովորականին նման էր:
Տեսաւ, թէ պրն. Ալին մայթին վրայ կանգնած էր ձեռքը գրպանին մէջ դրած, իսկ միւս ձեռքին մէջ թերթ մը ունէր, որով կը զարնէր ազդրին…, ինչպէս նաեւ պզտիկ ինքնաշարժ մը կար, որ սեղմուած շունի մը կը նմանէր…:
Հիմա, Թէյսիրի գլուխին մէջ բացի պիծակը վրան եղող մանիշակագոյն բոժոժէն, ուրիշ բան չկար, որ անոր շուրջը կը դառնար առանց հասնելու անոր անցքին, յայտնաբերելու համար, թէ ինչ կայ իր մէջ, եւ ան գունագեղ բզզոց մը կը հանէր, հաճոյք առնելով սպասելէն, իսկ Թէյսիրը հանգիստ էր բոժոժին ու պիծակին համար ու չէր փափաքեր, որ մէկը միւսին աւելի մօտենար… Իր կուրծքը երկարեց առաջին արգելքին վրայ եւ փորձեց նայիլ միւս յարկաբաժինին՝ տեսնելու համար, թէ արդեօք պատշգամին դուռը բա՞ց էր, բայց ոչինչ տեսաւ… Վերադարձաւ եւ իր բաճկոնը հանեց, ապա կօշիկները եւ դարձեալ նայեցաւ ճամբային. լա՛ւ, Թէյսիր, դուն չես վախնար, սակայն, ինչո՞ւ այս բոլորը:
«Պրն. Ալին լաւ մարդ մըն է…, պէտք է օգնեմ անոր». բաճկոնը ծալեց եւ տարաւ ու դրաւ զայն կօշիկներուն մօտ պատշգամին միւս կողմը, ապա վերադարձաւ, կոշտութեամբ ցնցեց արգելը, ապահովցուց ինքզինք անով, որ արգելքը չի՛ շարժիր, վեր նայեցաւ, բայց ոչինչ կար, որմէ կարենար բռնուիլ. «Անգամ մը քիչ մը ապրանք բերի իրենց, քիչ մը նարինջ ու պանան, եւ ան ինծի հինգ ոսկի տուաւ ու ժպտաց»: Բարձրացուց ոտքը եւ դրաւ զայն արգելքին վրայ, իսկ ափը դրաւ պատին վրայ. ինքնաշարժը տակաւին սեղմուած սատկած շունի մը կը նմանէր, մինչ պրն. Ալին իրեն կը նայէր. «Ուրեմն, ուրեմն այդպէս, հա՞. դուն այս բոլորը կ՚ընես դուռը բանալու համար անոր, որպէսզի քեզի տասը ոսկի՞ տայ, կամ ալ թերեւս հինգ ոսկի, ա՞յս է ամէնը: Փորագրուած պղինձէ ականջօղի մը արժէքը վեց ոսկի է, եւ դուն խոստացար անոր… Քոյրդ մինչեւ հիմա իր ականջին օղ չէ դրած տակաւին… Քանի՞ տօն անցած է եւ դուն ամէն անգամ կը խոստանաս իրեն օղ առնել: Սակայն, եթէ միայն հինգ ոսկի տայ քեզի, եթէ ոչինչ տայ քեզի»: Իր ձեռքը պատին միւս կողմը տարաւ, եւ, որոշ փոքր համարձակութիւն մը ունեցաւ, որով երկրորդ ոտքը բարձրացուց գետինէն, որ պահ մը օդին մէջ կախուած մնաց, այդ ընթացքին իր մարմինը դանդաղ ու հաստատութեամբ շարժեց կարիճի մը նման, որ բանի մը եզերքը կ՚ըլլայ, կուրծքը փակցուց կարծր պատին, ապա միւս ափով շօշափեց պատին միւս կողմը՝ իր մատները երկարելով դանդաղ, հաստատ ու զգոյշ եւ մտածեց. «Համարձակութեան այլ պահ մըն ալ պէտք է, որպէսզի ոտքս այնտեղ տանիմ»: Իրեն այնպէս կը թուէր, թէ խաչուած է սարդի մը նման, որ անակնկալ զօրութիւն մը կը սպասէ, որ զինք շալկէ ու տանի ուրիշ տեղ մը: Ոտքերը շարժեց, դաժան երկու վայրկեաններ, փափաքեցաւ վար նայիլ, որով գլուխը հանդարտութեամբ ծռեց, պրն. Ալին շա՜տ պզտիկ էր… եւ յանկարծ, գունաւոր պիծակը բզզալով հասաւ եւ բոժոժին վրայ նստաւ, որով դաժանութեամբ պատռեց զայն. «Թէյսիր, ի՞նչ պիտի ըլլայ եթէ ոտքդ սահի»:
(«12-րդ անկողինին մահը»)
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 1
Վաղարշապատ