Հինգշաբթի 26, Մարտ 2026
ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ԱՐԵՒԱԳԱԼԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Արեւագալի արարողութիւն՝ հանդիսապետութեամբ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան, Տ. Գէորգ աւ. քհնյ. Չընարեան, Տ. Սարգիս աւ. քհնյ. Գույումճեան, Տ. Կորիւն աւ. քհնյ. Ֆէնէրճեան եւ Տ. Նարեկ քհնյ. Տէյիրմենճեան։ Կոկիկ թիւով ուխտաւորներ մասնակցեցան արարողութեան։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, ատենապետ Լեւոն Շատեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ պահքի յարիր ընդունելութիւն մը կազմակերպեց ուխտաւորներուն համար։
Հինգշաբթի, Մարտ 26, 2026