ԱԿՆԱՐԿ - 160 - ՊԱՀՔԻ ՊՍԱԿԸ՝ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՁԵՌՔ ԲԵՐԵԼԸ
Անցնող մեր մի քանի գրութիւններուն մէջ խօսեանք եւ սուրբ հայրերէն մտածումներ ներկայացուցինք մեր ընթերցողներուն, պահքի զէնքերու, զարդերու եւ պտուղներու մասին՝ աղօթքի, ողորմութեան եւ սիրոյ: Այս յօդուածով մեր ընթերցողներուն պիտի խօսինք ու սուրբ հայրերէն մէջբերումներ ներկայացնենք պահքի պսակի՝ առաքինութիւններու ձեռք բերման մասին:
Պահքը նպատակին ծառայած կ՚ըլլայ եւ պահք պահողը հոգեւորապէս օգտուած կ՚ըլլայ, եթէ պահեցողութեան այս ճանապարհորդութեան ընթացքին կա՛մ իր ունեցած առաքինութիւնները զօրացուցած կ՚ըլլայ, կ՛ամ նոր առաքինութիւններ ձեռք բերած կ՚ըլլայ: Առաքինութիւնները մարդուն առիթ կու տան իր մէջ բացայայտելու Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնները եւ ապրելու աստուածահաճոյ կեանքով:
Առաքինութիւնները կը զարդարեն մարդուն կեանքը, կը զօրացնեն անոր հաւատքը, կը գեղեցկացնեն իր յոյսը, կը գօտեպնդեն իր սէրը եւ թեւեր իրեն կու տան ողորմութեան ունակութիւն: Կարեւորը մարդ կարենայ հասնիլ առաքինութեան, միաժամանակ փորձէ ապրիլ առաքինի կեանքով:
Եկեղեցւոյ սուրբ հայրերը բազմաթիւ կերպերով խօսած ու ներկայացուցած են առաքինութեան հասկացողութիւնն ու ինչութիւնը: Այստեղ, մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մտածումներէն փունջ մը: Այսպէս.
* Սուրբ Անտոն Անապատական.
- Առաքինութիւններու գագաթնակէտը այն է, որ մարդ հաստատ եւ զօրացած ըլլայ Աստուծմով եւ Անկէ չհեռանայ ինչ ալ ըլլայ եւ երբ ալ ըլլայ, այլ՝ իր մտածումներով միացած ըլլայ Աստուծոյ հետ, որովհետեւ Աստուած՝ Ինք, միացած է մեր հետ, մեր՝ Իր նկատմամբ ունեցած հաւատքին միջոցաւ:
- Թող որ աստուածասէր եւ կեանքի նախանձախնդիր ըլլանք, ոչ թէ մարդկային գովասանքի համար, այլ՝ առաքինի կեանքը ընտրենք հոգիի փրկութեան համար, որովհետեւ մեր մահը ամէն օր մեր աչքերուն առջեւ է եւ ամէն մարդկային բան անհաստատ է:
* Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի.
Առանց առաքինութեան կեանքը այլեւս արժէք չի՛ ներկայացներ, բարի վարքի համբաւը կը վերանայ, մեղքը առանց վտանգի կը գործուի, եւ այլեւս ապրելու այս կամ այն ձեւը ոչինչով չի՛ տարբերուիր:
* Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետ.
- Աստուծոյ՝ մեր մասին յիշողութիւնը ուրիշ բանէ չի՛ գար, քան՝ առաքինութեան մէջ վարժուելու ջանասէր վարքէն, իսկ մեզ մոռացութեան մատնելը ուրիշ բանէ չի՛ գար, քան՝ մեղքի մէջ յայտնուելէն:
- Թէեւ մէկու մը ունեցածը մեծ եւ թանկարժէք ըլլայ, սակայն եթէ ինք լեցուն չէ այդ ամէնը առաքինաբար տնօրինելու եռանդով, ամէն ինչ կ՚ոչնչանայ եւ անոր հետ ալ կը վերանայ. իսկ երբ հոգին ազնուաբարոյ է եւ իմաստութեամբ լեցուն, ապա թէեւ տան մէջ ոչինչ կուտակուած ըլլայ, աներկիւղ կրնայ տիրանալ ցանկացած բարիքի:
* Նեղոս Սինայեցի.
Մի ըսեր, թէ պատուիրանները չես կրնար պահել, որովհետեւ հայրդ կամ մայրդ, կինդ կամ երեխաներդ, կամ ուրիշ ոեւէ մէկը կը խոչընդոտէ: Անոնք չեն կրնար քեզ եկող բարկութենէն ու չսատկող որդերէն ազատել: Առաքնութիւններու եւ Աստուծմով հարստանալու ճանապարհի ընթացքին ով ալ քեզի խոչընդոտ հանդիսանայ, զանիկա գարշելի եւ ատելի համարէ:
* Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի.
Հաւատքը, յոյսը եւ սէրը քրիստոնէական Աստուածաբանութեան մէջ աստուածային առաքինութիւններ կը կոչուին։ Ինչո՞ւ այս առաքինութիւնները աստուածային կը կոչուին։
Նախ, աստուածային կը կոչուին, որովհետեւ այս երեքը ուղղուած են առ Աստուած։ Որովհետեւ, հաւատքով կը տեսնուի ծայրագոյն Բարին, յոյսով կը սպասենք գերագոյն Բարիին, սիրով կը ցանկանք վերնային Բարին։ Այս բոլորը առ Աստուած է։ Դարձեալ, հաւատքով ընդունակ կը դառնանք, յոյսով հաղորդակից կ՚ըլլանք եւ սիրով կը միաւորուինք Աստուծոյ հետ։ Դարձեալ, հաւատքով կը հաւատանք, որ միայն Ի՛ր բարութեամբ եւ ոչ թէ հարկադրուած ստեղծեց եւ վերստին փրկեց մեզ։ Յոյսով կը սպասենք Անոր խոստացած ողորմութեանը, որովհետեւ գթած եւ ճշմարիտ է։ Սիրով կը սիրենք զԱյն, որովհետեւ Ինքնըստինքեան բարի է։ Այդ պատճառով ալ կը սիրենք ընկերոջը, որ Աստուծոյ պատկերն ու արարածն է:
* Պսակ ծայրագոյն վարդապետ Խորէնեան.
- Ուրիշ բան է առաքինութիւն մը ունենալ, ուրիշ բան է առաքինի ըլլալ կամ առաքինութիւններ ունենալ, կամ ուրիշ բան է քիչ թերութիւն ունենալ եւ ուրիշ՝ բնաւ թերութիւն չունենալ։
- Սահմանուած ենք ապրելու իբրեւ մարդ եւ աշխարհի պատմութեան ապագայ դարերուն առջեւ պատախանատուութեան բաժին մըն ալ ունինք մենք, իբրեւ մարդ: Տիպար կոչուելու համար հարկ է, որ մեր վրայ փայլեցունենք առաքինութիւնը. առաքինութեանց գլխաւորն է պարտքի եւ իրաւունքի ճանաչումը, որ ամէն ազատ քաղաքացիներու յատուկն բնական օրէնքն է:
- Ազնիւ է այն մարդը, որ արդար գոհունակութիւն մը կը զգայ լաւագոյն առաքինութիւնը գործելով. առաքինութիւնը ցոյց չի սիրեր, եւ այն գործ, որ ցոյցերով խառն է, առաքինութեան հետ կապ չունի։
* Էմմանուէլ քահանայ Նազարեան.
Մեղքը, մոլութիւնը այն ատեն կրնան սիրտէն դուրս արտաքսուած համարել, երբ ատոնց տեղ այնտեղ բոյն կը դնեն սուրբ բնաւորութիւնը եւ առաքինութիւնը։ Այն մարդը, որուն մէջ չկայ առաքինութիւն, ոչ թէ մեղքէն դէպի առաքինութիւն կ՚երթայ, այլ՝ մէկ մեղքէ դէպի միւսը կը գլորի։ Իսկ մեր երկնաւոր Հօր նմանելու համար, մեզի անհրաժեշտ է ներքին փոփոխութիւն:
* Զարեհ արք. Ազնաւորեան.
- Իսկական ազնուականութիւնը հարստութիւններով օժտուած ըլլալ եւ զրկուածները չարհամարհելն է. ազնուութիւնը՝ վիրաւորելու միջոցը ունենալով հանդերձ չվիրաւորելն է. բարութիւնը՝ զօրաւոր ըլլալով հանդերձ իրաւունք ընել գիտնալն է. վեհանձնութիւնը՝ յաղթական դուրս գալէ ետք յաղթանակը ուրիշին հետ բաժնել գիտնալն է. եւ խոնարհութիւնը՝ մեծ ըլլալով հանդերձ ուրիշին առջեւ ծունկի գալով ծառայել գիտնալն է, զանոնք ալ բարձրացնելու առաջադրութեամբ:
- Առաքինութիւն չի նշանակեր միայն բարոյական բարձր հասկացողութիւն ունենալ եւ լուրջ եւ զգաստ կեանք մը ապրիլ: Առաքինութիւն կը նշանակէ նաեւ ու մանաւանդ՝ քաջութիւն, տոկունութիւն, զօրութիւն:
- Ասոնք [հաւատք, յոյս եւ սէր] միայն տեսական առաքինութիւններ չեն, որոնք կարելի է միտքին կամ հոգիին մէջ ամբարել. այլ՝ կ՚արտայայտուին կեանքով, որ իրենց լրացուցիչն է: Հաւատքին, յոյսին եւ սիրոյն ապացոյցը, անոնց կենդանութեան նշան գործերն են, եւ մասնաւորաբար՝ ուրիշներուն ընծայուած ծառայութիւնը (հմմտ Յկ 2.17-26):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ