ԱՄՆ-ԷՆ ԴԺԳՈՀՈՒԹԻՒՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ յայտարարեց, որ իր երկիրը վերատեսութեան պիտի ենթարկէ յարաբերութիւնները ՆԱԹՕ-ի հետ։ Գերմանական լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ պետական քարտուղարը ըսաւ. «Եթէ դաշինքը կը սահմանափակուի միայն այն բանով, որ ԱՄՆ կը պաշտպանէ Եւրոպան, իսկ այս վերջինը անհրաժեշտութեան պարագային կը մերժէ տրամադրել իր ռազմակայանները, ապա սա լաւ համագործակցութեան ձեւ մը չէ»։ 

Ռուպիօ համոզուած է, թէ Իրանի դէմ պատերազմէն վերջ ՆԱԹՕ-ի հետ յարաբերութիւնները վերատեսութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւն մը ստեղծուած է։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2026