ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԿԸ ՍՏԵՂԾՈՒԻ ՆԱԹՕ-Ի ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐԱԿԱՆ ՆՈՐ ԿԵԴՐՈՆ ՄԸ
Երէկ, Ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ պիտի հիմնուի ՆԱԹՕ-ի հրամանատարական նոր կեդրոն մը։ Ըստ դաշինքի ծրագրերուն՝ Թուրքիոյ մէջ պիտի ստեղծուի տարածաշրջանային բնոյթով սպայակոյտի նախագահութիւն մը, որ անհրաժեշտութեան պարագային պիտի համակարգէ երկրի պաշտպանունակութիւնը ՆԱԹՕ-ի ուժերու եւ հրամանատարական զօրքերու հետ միասին։
Վերջին օրերուն զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ մանրամասնօրէն կը խօսէին այս մասին՝ մինչ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան երէկուան յայտարարութիւնով ամէն ինչ աւելի յստակեցաւ։ Այսպէսով, Թուրքիոյ առջեւ կը ստեղծուի հեռանկար մը՝ սեփական պաշտպանունակութիւնը դաշինքի զօրքերու հետ համակարգելով՝ միասնաբար իրականացնելու ուղղութեամբ։ Այս սպայակոյտի նախագահութիւնը պիտի ստանձնէ թէ՛ ՆԱԹՕ-ի շրջանակներէ ներս գործողութիւններու համակարգումը եւ թէ անհրաժեշտութեան պարագային պիտի կառավարէ տեղակայուած զօրքերը։
Կը հաղորդուի, որ այս նախաձեռնութեան նպատակն է ամրապնդել Թուրքիոյ եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ ռազմական համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ բարձրացնել տարածաշրջանէն ներս արձագանգման կարողութիւնները։ Ըստ մշակուած ծրագրին՝ նոր սպայակոյտը կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենայ հաւանական տագնապալի իրավիճակներու մէջ դաշինքի գործողութիւններու համակարգման ուղղութեամբ։