ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ՆՈՐ ԿԼԻՄԱՅԻ ՄԸ
Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ։ Երկու ղեկավարները անդրադարձան աւելի քան ամիս մը տեւած պատերազմէն վերջ հաստատուած հրադադարին եւ ընդհանուր առմամբ տարածաշրջանի անվտանգային կացութեան։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նախագահ Էրտողան յիշեցուց, որ հրադադարի հաստատման ճանապարհին Թուրքիոյ կողմէ լուրջ ջանքեր գործադրուած են։ Ըստ իրեն, յառաջիկայ օրերուն սկիզբ պիտի առնէ բանակցային գործընթաց մը, զոր պէտք է օգտագործել մշտական խաղաղութեան հաստատման եւ կայունութեան տեսակէտէ եռանդ գործադրելու առաջադրութեամբ։ Էրտողան ընդգծեց, որ պէտք չէ թոյլ տալ այս գործընթացի կացինահարման, ինչ որ մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Թուրքիան այս նոր գործընթացին մէջ ալ բարեկամ երկիրներուն հետ պատրաստակամ է ամէն տեսակ նպաստը ապահովելու։
Փեզեշքիանի հետ զրուցելու ժամանակ Էրտողան կրկնեց, որ Իրանի եղբայրական ժողովուրդի կորուստներուն համար Թուրքիա միշտ կը մնայ ցաւակից ու վշտակից։ «Թուրքիոյ նպատակն է տարածաշրջանէն ներս նոր աչալրջութեան եւ երկխօսութեան կլիմայի մը հաստատուիլը», ըսաւ Էրտողան։
Մինչ այդ, երէկ, հեռախօսազրոյց մըն ալ տեղի ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի միջեւ։
Բաց աստի, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Էսատ Շէյպանին։
Ֆիտան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Թոմ Պերենտսէնի հետ։