ՊԱՔՈՒԻ ՀԱՅ ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՄԱՆ ԽՆԴԻՐԸ ՄԻՇՏ ԱՐԴԻԱԿԱՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացէն ներս գերիներու հարցը միշտ կը մնայ խնդրայարոյց։ Երեւան-Պաքու առանցքին վրայ այս խնդիրը իսկապէս խոցելի վիճակ մը կը յառաջացնէ՝ խաղաղութեան գործընթացի համոզիչ եւ ամուր շարունակութեան տեսակէտէ։ Երեւանէն երէկ հերթական անգամ Պաքուի ուղղեալ անհանգստութիւն բարձրաձայնուեցաւ այս կապակցութեամբ։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ըսաւ. «Դժբախտաբար, Ատրպէյճանի մէջ տակաւին կան գերիներ եւ օր առաջ այդ մարդիկ պէտք է ազատ արձակուին»։

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2026