ՓՈԽ-ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ
Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումի շրջանակներէն ներս, երէկ, արտաքին գործոց փոխ-նախարար Պերիս Էքինճի ընդունեց Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեանը։ Կը հաղորդուի, որ բարձրաստիճան դիւանագէտները քննարկած են երկկողմանի օրակարգի եւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններու վերաբերեալ հարցեր՝ անդրադառնալով խաղաղութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդման կարեւորութեան։
Էքինճի եւ Կոստանեան շօշափեցին հնարաւորութիւնները՝ իրականացնելու համար այնպիսի նախագծեր, որոնք կրնան ապահովել երկկողմանի եւ տարածաշրջանային փոխկապակցուածութիւն։
Մինչ այդ, Անթալիայի մէջ, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ զրուցելու ժամանակ Վահան Կոստանեան յայտնեց, որ Հայաստան պատրաստ է ամէն պահ բանալու ցամաքային սահմանը, բայց, սա կախուած է Թուրքիայէն։
Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հերթական անգամ հաստատեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերը կը համակարգուին Ատրպէյճանի հետ։