ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «TRIPP ՆԱԽԱԳԾԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ԱՐԱԳԱՆԱՅ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկիրը կը թեւակոխէ TRIPP-ի իրագործման փուլը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նախընթաց օր, վարչապետը Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս, երեսփոխանի մը հարցումին պատասխանելու ժամանակ ըսաւ. «Ուրախութեամբ պէտք է արձանագրենք, որ հակառակ միջազգային բարդ իրադրութեան՝ թէ՛ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, թէ՛ Հայաստանի Հանրապութեան եւ թէ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կառավարութիւնները տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու վերաբացումը եւ TRIPP նախագծի իրականացումը կը համարեն առաջնահերթութիւն»։

Վարչապետը ընդգծեց, որ սա կը բխի այն գիտակցութենէն, թէ նախագծի իրականացումը տարածաշրջանէն ներս երկարաժամկէտ, կայուն եւ յուսալի խաղաղութեան կարեւոր յենասիւն մը պիտի դառնայ։

Փաշինեան տեղեկացուց, որ TRIPP-ի իրագործումը պիտի արագանայ։ Իր խօսքով՝ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հաւաստիացումներ ստացուած են, թէ TRIPP նախագիծը կը շարունակէ մնալ առաջնահերթութիւն՝ մանաւանդ ԱՄՆ-ի համար։

«Պէտք է ըսեմ, որ TRIPP-ի վերաբերեալ գործընթացները ո՛չ միայն չեն դանդաղած, այլեւ արագացուած են եւ երկու կողմերն ալ՝ թէ՛ Հայաստանը եւ թէ ԱՄՆ-ը, կը փափաքին հնարաւորինս ամենաարագ ժամկէտներու մէջ այդ մէկը կեանքի կոչել։ Կրնամ ըսել աւելին՝ նախորդ օրերուն մենք քննարկեցինք ելեկտրահաղորդման գծերու կառուցումը, շինարարական աշխատանքները նախատեսուած են աւելի շուտ իրականացնելու հնարաւորութիւնները», շարունակեց վարչապետը։

Խորհրդարանի ամպիոնէն Փաշինեան նշեց, որ գործընթացները հասունցած են, այս ուղղութեամբ կասկած չկայ։ Ինչպէս Հայաստանը, այնպէս ալ ԱՄՆ-ը այս նախագծին նկատմամբ այնպիսի մօտեցում մը կը ցուցաբերեն, որ այն բացարձակ առաջնահերթութիւն դարձած է, ինչ որ ներկայիս անոր տնտեսական նշանակութիւնը աւելի կը մեծցնէ։

«Իմ կանխատեսումը այն է, որ յառաջիկային միայն կ՚աւելնայ ներգրաւուածութիւնը, շահագրգռուածութիւնը եւ գործնականացման թափերը», ըսաւ վարչապետը՝ ընդգծելով, որ ծրագրի պարագային նոյնանման շահագրգռութիւն կը ցուցաբերէ նաեւ Ատրպէյճանը։

«Գործնականին մէջ ամենօրեայ աշխատանք կ՚իրականացուի եւ չկայ որեւէ աշխատանքային օր, որ TRIPP-ի հետ կապուած նիւթի մը հետ չառընչուիմ։ Յանձնարարական չտամ», եզրափակեց ան։

Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ վերջին օրերուն յայտնած էր, որ TRIPP նախագիծը կը բխի բազմաթիւ երկիրներու շահերէն։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2026