ՔՈՒՐԹՈՒԼՄՈՒՇ-ՍԻՄՈՆԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Անգարա-Երեւան առանցքի բնականոնցման որոնումներով պայմանաւորուած իրավիճակին տեսակէտէ յատկանշական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ։ Այսպէս, երէկ, Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ տեսակցեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ։ Միջխորհրդարանական միութեան 152-րդ գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը։ Խորհրդարանի նախագահները անդրադարձան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։
Ալէն Սիմոնեան Իսթանպուլի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սապիհա Կաֆարովայի հետ։ Սիմոնեան նախօրէին համաժողովի ժամանակ բարձրաձայնած էր Պաքուի հայ գերիներու եւ պատանդներու խնդիրը։ Կաֆարովայի հետ զրոյցէն վերջ Ալէն Սիմոնեան հանդէս եկաւ դրական գնահատականով։
Իսթանպուլի երկկողմանի հանդիպումներու շարքին, Ալէն Սիմոնեան տեսակցեցաւ նաեւ Վրաստանի խոր-հըրդարանի նախագահ Շալվա Փափուաշվիլիի հետ։