ՆՐԲԱՆԿԱՏ ԲԱՆԱՁԵՒՈՒՄ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը, որ վերջին օրերուն Իսթանպուլի մէջ մասնակցեցաւ Միջխորհրդարանական միութեան 152-րդ վեհաժողովին: Ալէն Սիմոնեան շաբաթ առաւօտ փութաց Գումգաբու, ուր դիմաւորուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ: Խորհրդարանի նախագահը եւ Նորին Ամենապատուութիւնը առաջին փուլին առաջնորդուեցան Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցին, ուր կատարեցին իրենց ուխտի աղօթքը:
Աւելի վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարքը Հայրը եւ Ալէն Սիմոնեան անցան Պատրիարքարան: Նորին Ամենապատուութեան պաշտօնական ընդունարանին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց մը: Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Նորին Ամենապատուութիւնը հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ վերջին մէկ տարուայ ժամանակահատուածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ առկայ անօգուտ առճակատումներուն եւ այս առնչութեամբ յայտնեց իր եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակներուն մտահոգութիւնը: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մաղթեց, որ մօտաւոր ապագային վերջ գտնէ անօգուտ ձգտեալ կացութիւնը եւ վերահաստատուին հաշտութիւնն ու համերաշխութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան միջեւ:
Հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդգծեց Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի սահուն ընթացքի ապահովման կարեւորութիւնը: Ան մաղթեց, որ ապագային դիւանագիտական յարաբերութիւններն ալ հաստատուին ու հզօրանան, ինչ որ յոյս պիտի ներշնչէ տարածաշրջանի ժողովուրդներու համերաշխ գոյատեւման ու միասնական զարգացման համար:
Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը յաջողութիւն մաղթեց մեծայարգ հիւրին՝ ազգանուէր եւ ազգօգուտ գործուէնութեանց մէջ:
Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում: Այս փուլէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ Ալէն Սիմոնեան հրաժեշտ առին իրարմէ: Զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր Տ. Յովակիմ վրդ. Սերովբեան, որու գլխաւորութեամբ Ալէն Սիմոնեան շրջայց մըն ալ կատարեց Պատրիարքարանի համալիրի «Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարք» թանգարանին մէջ:
Միւս կողմէ, Ալէն Սիմոնեան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ զրուցեց պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ: Ան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին պատասխանեց զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին օրակարգային զանազան նիւթերու:
Ալէն Սիմոնեան Պատրիարքարանի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ՝ Հայաստանէ ներս ծագած՝ իշխանութիւն-եկեղեցի տագնապին։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ միջեւ որեւէ խնդիր գոյութիւն չունի, որովհետեւ խօսքը անհատներու մասին է։ Խորհրդարանի նախագահը համոզուած է, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ պետութիւնն ու Հայ Առաքելական Եկեղեցին պէտք է երկկողմանիօրէն, փոխադարձաբար անջատ ըլլան։ Ան յայտնեց, որ եկեղեցիէն ներս որոշներ ունին խնդիրներ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ կառավարութեան միջեւ առկայ տարաձայնութիւններուն անդրադառնալով՝ Ալէն Սիմոնեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը չի կրնար երկու արտաքին գործոց նախարարութիւն ունենալ։
Յիշեցնելով 2018 թուականի իշխանափոխութեան յաջորդած իրադարձութիւնները՝ Սիմոնեան նշեց, որ յեղափոխութենէն վերջ նոր կաթողիկոսի մը որոնումներու խօսակցութեան այսօրուան իշխանութիւնները տեղի չեն տուած։ Եւ այդ բանը եղած էր՝ հակառակ այն բանին, որ յեղափոխութենէն վերջ այս ուղղութեամբ իշխանութիւններուն դիմումներ հասած էին։
Քաղաքականութեան մէջ կարգ մը եկեղեցականներու ներգրաւման պարագաներուն լոյսին տակ՝ Ալէն Սիմոնեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ չի կրնար դառնալ եկեղեցական մը, որ Գանատայի քաղաքացի է։ Ան կրկնեց նաեւ՝ վերջին շրջաններուն յաճախ օրակարգի վրայ եկած տեղեկութիւնները, ըստ որոնց եկեղեցականներու շարքին կը գտնուին օտար երկիրներու գործակալներ։
Սիմոնեան լրագրողներու նկատառման յանձեց, որ այժմ Հայաստանի պարագային խնդրոյ առարկայ է ներգաղթ եւ այս ընթացքը պէտք չէ խանգարուի։ Իշխանութիւններու եւ եկեղեցւոյ միջեւ ծագած խնդիրներու լուծման համար անհրաժեշտ են որոշ փոփոխութիւններ։ «Իրավիճակը ցաւոտ է եւ ընտրութիւններէն յետոյ կը լուծուի», եզրափակեց Ալէն Սիմոնեան։
