ԻՐԱՒԱԿԱՆ ԱՄՐԱԳՐՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկրի անվտանգութեան ամենայուսալի երաշխիքն է խաղաղութիւնը: «Հայաստանի արտաքին անվտանգութեան ապահովման առաջին միջոցը միջազգային օրինականութիւնն է», համոզուած է ան:

Ամառնամուտին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ, վարչապետ Փաշինեան զանազան առիթներով հանրային կարծիքին պատգամներ կը փոխանցէ՝ իր կառավարութեան գործունէութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն կապակցութեամբ: Հայկական լրահոսին մէջ վերջին շրջանին յաճախ արձագանգ կը գտնեն Փաշինեանի յայտարարութիւնները, ըստ որոնց՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ հաստատուած խաղաղութիւնը ունի իրաւական ամրագրում: Անդրադառնալով մօտաւոր անցեալին՝ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստան խաղաղութիւն չէ ունեցած, այլ ունեցած է սառեցած պատերազմ մը: Իր խօսքով՝ ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին՝ երկրին համար ազգային անվտանգութեան նոր ռազմավարութիւն մը որդեգրելու ուղղութեամբ: «Կը հրաժարիմ այսպէս կոչուած պատմական արդարութեան վերահաստատման օրակարգէն», վերջին օրերուն յայտնած էր Նիկոլ Փաշինեան: 

Սահմանադրական փոփոխութեան կապակցութեամբ ալ վարչապետը դիտել տուաւ, որ բացառուած է հանրաքուէէ զատ տարբեր միջոցով մը ընդունիլ նոր սահմանադրութիւն մը:

Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն մեկնաբանեց նաեւ Երեւան-Մոսկուա յարաբերութիւններուն ընթացքը: «Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները շինիչ եղափոխութեան մը փուլին մէջ են», ըսաւ ան: Այս յայտարարութիւնները մեկնաբանուեցան վերջերս Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման համայնապատկերին վրայ:

Վարչապետը ընդգծեց, որ ռուսական կազի սակագինի բարձրացման համար որեւէ հիմք չի տեսներ: Բաց աստի, ան խօսեցաւ Հայաստանի երկաթուղային ցանցի պարագային Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ ստեղծուած տարաձայնութիւններուն: Հայկական կողմը կ՚ակնկալէ, որ իր երկաթուղային ցանցի կառավարումը ստանձնած ռուսական ընկերութիւնը անհրաժեշտ ներդրումները ընէ, որպէսզի տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղութեամբ գործնական քայլեր առնուին թափով: Ռուսական կողմը պատրաստակամութիւն չի յայտներ այս ուղղութեամբ ներդրումներ ընելու: Հայկական կողմը ասոր փոխարէն կ՚առաջարկէ երկաթուղիի գիծերու ցանցի կառավարման իրաւունքը փոխանցել երրորդ երկրի մը եւ կամ վերադարձնել Հայաստանի: Այս ամբողջին մէջ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն ըսաւ. «Հայաստան չի պատրաստուիր Ռուսաստանի թիկունքին քննարկել երկաթուղիին կառավարումը այլ երկրի մը փոխանցելու հարցը»:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 21, 2026