ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ. «ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՉԻ ԿՐՆԱՐ ԸԼԼԱԼ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց. «Եկեղեցին պետութենէն անջատ է, բայց, այն չի կրնար դուրս ըլլալ պետութենէն կամ պետութեան մէջ պետութիւն ըլլալ»։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, յառաջիկայ յունիսի 7-ի խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ, Փաշինեան պարզաբանեց, թէ ինչու իր գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան նախընտրական ծրագրին մէջ տեղ գտած է նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բարենորոգման օրակարգը։

«Շատ կը խօսուի այն մասին, թէ բարենորոգման օրակարգը եկեղեցւոյ դէմ է։ Ընդհակառակն, բարենորոգման օրակարգը յանուն եկեղեցւոյ է։ Բայց մենք նաեւ պէտք է հասկնանք, թէ ի՞նչ է եկեղեցին՝ համաձայն քրիստոնէական տեսութեան, համաձայն Նոր կտակարանի։ Եկեղեցին առաջին հերթին հաւատացեալ համայնքն է, ժողովուրդն է։ Այո, հոգեւոր սպասաւորները եկեղեցւոյ մաս կը կազմեն, բայց հոգեւոր սպասաւորները եկեղեցին չեն, եկեղեցին ժողովուրդն է», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան, որու պնդումով՝ եկեղեցւոյ գործող գլուխի գործունէութեամբ եկեղեցի-ժողովուրդ կապը հետզհետէ կը թուլանայ եւ Հայաստանէ ներս հոգեւոր կեանքի բովանդակութիւնը հետզհետէ կը թուլանայ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 22, 2026