ԲԱՑԱՌԻԿ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ
Երէկ, «Bomontiada» համալիրէն ներս, Արա Կիւլէրի թանգարանի երդիքին տակ բացուեցաւ ցուցահանդէս մը, որով գեղարուեստասէրները հերթական անգամ ականատես կը դառնան բացառիկ վկայութիւններու։ Այս ցուցահանդէսով ներկայացուած են՝ 1957-1967 թուականներուն, Քաննի շարժանկարի փառատօներուն ժամանակ Արա Կիւլէրի նկարահանած պատմական դրուագները։ Անմոռանալի վարպետի տաղանդով կը ցոլանայ ժամանակաշրջանի մը ոգին, որ ձեւով մը կը տեղափոխուի մեր օրերուն։
Երէկ բացուած ցուցահանդէսը կը բաղկանայ այն գործերէն, որոնք յիշեալ շուրջ տասնամեայ ժամանակահատուածին Արա Կիւլէրի կողմէ նկարահանուած են Քաննի շարժանկարի փառատօներուն ժամանակ՝ զանազան լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն մէջ օգտագործուած ըլլալով՝ որպէս տեսանիւթ։
Յետադարձ հայեացքի այս եզակի հնարաւորութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, հերթական անգամ կ՚ապացուցանէ Արա Կիւլէրի դիտարկման հանճարը եւ ի յայտ կը բերէ անոր զգացած հաճոյքը՝ Քաննի մէջ գտնուելու առիթով։ Արա Կիւլէրի ոսպնեակին Քաննի մէջ որսացած դրուագները գրեթէ ամբողջութեամբ ներկայացուած են այս ցուցահանդէսին մէջ։ Թէ՛ շարժանկարի աշխարհի գաղտնի ծալքերը եւ թէ փառատօնի միջավայրը ամբողջութեամբ կը մերկանան լուսանկարներուն մէջ։ Ուստի,Արա Կիւլէրի արխիւին հիման վրայ թանգարանին մէջ կազմակերպուած այս հերթական ցուցահանդէսը ունի կարեւոր առանձնայատկութիւն մը։ Արդարեւ, թէ՛ լուսանկարչութեան եւ թէ շարժանկարի հետամուտ գեղարուեստասէրներուն տեսակէտէ բացառիկ ձեռնարկ մըն է այս մէկը։
Ցուցահանդէսի կազմակերպման նախաձեռնութիւնը ղեկավարած են Չաղլա Սարաչ եւ Եասէմին Էօզիւյէ։
Երէկուան պաշտօնական բացման արարողութեան մասնակիցներու շարքին էին Անգարայի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Իզապէլ Տիւմոն, Իսթանպուլի մօտ աւագ հիւպատոս Նատիա Ֆանթոն եւ «Տողուշ» խմբակի ղեկավարութենէն Հիւսնիւ Աքհան։ Հաւաքոյթի ընթացքին Չաղլա Սարաչ եւ Իզապէլ Տիւմոն հանդէս եկան ողջոյնի խօսքերով։ «Քանն» խորագրեալ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 11 հոկտեմբեր 2026 թուականը։
