ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԱՍՈՂԻԿ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ԴԱՐԱՒՈՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՆՈՐ ՓՈՒԼ ՄԸ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի կողմէ գլխաւորուած խումբ մը: Վերակազմեալ Ասողիկ դպրաց դաս-երգչախումբի անունով մեզի այցելութեան փութացած խումբին մաս կազմեցին նաեւ՝ փոխ-նախագահ Տ. Գէորգ աւ. քահանայ Չնարեան, դպրապետ Լեւոն սարկաւագ Գույումճեան, տնօրէն խորհուրդի ատենապետ Արդար Պաղճը եւ ատենադպիր Սարգիս Տեմիրճի:
Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ ընկերակիցները փափաքած էին համայնքային շրջանակները լուսաբանել՝ Ասողիկ դպրաց դասու վերակազմութեան շուրջ՝ մանաւանդ, որ այս շաբաթավերջին նախատեսուած են տարեդարձի տօնակատարութիւններ՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի:
Զրոյցի ընթացքին հիւրերը բացատրեցին, որ մօտաւոր անցեալին Պէյօղլուի դիմագրաւած ցնցումներէն բաժին վիճակած էր նաեւ թաղի երգչախումբերուն, սակայն, առաւել չափով տուժած էր Ասողիկ դպրաց դաս-երգչախումբը: Խնդիրը այն աստիճանին հասած էր, որ Պատրիարքական Աթոռը պարտաւորուած էր լուծարել այս դպրաց դաս-երգչախումբը՝ մինչեւ վերակազմութիւնը: Այս տհաճ գործընթացը ներկայիս արդէն պաշտօնապէս հասած է իր աւարտին՝ քանի Ասողիկ դպրաց դասու վերակազմութեան փուլը արդէն պաշտօնապէս հասած է իր աւարտին: Հիւրերը շեշտեցին, որ իրենց փափաքն է, որպէսզի հարուստ աւանդութիւններով այս դպրաց դասը վերստին յիշատակուի, բնորոշուի իր բուն առաքելութեամբ:
Ասողիկ դպրաց դասու վերակազմութիւնը իրականացած է՝ առաջին հերթին եկեղեցւոյ սպասաւորութեան, եկեղեցիէ ներս կանոնաւոր ծառայութեան նախընթացներու վերահաստատումով: Տասնհինգ հոգիով ընթացք առած է այս գործընթացը, որու հասունացման զուգահեռ արդէն ողջունելի արդիւնքներ ապահովուած են՝ մանաւանդ, որ Պէյօղլուի ընտանիքի ընդհանուրէն ներս ալ վերակազմութեան ժամանակաշրջան մը սկսած է: Այժմ, Ասողիկ դպրաց դասը դարձեալ կանոնաւոր ու կանոնական խումբի մը կարգավիճակը ունի:
Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի հովանաւորութեան ներքեւ գործող սրբատեղիները այս նոր ժամանակաշրջանին կը կառավարուին աւելի տարբեր մտայնութեամբ, որու հասարակաց յայտարարն է միասնականութեան եւ համախմբուածութեան գիտակցութիւնը: Կեդրոնացեալ ու համակարգուած աշխատանքը կ՚ապահովէ, որ այժմ արդէն սահմանափակ դարձած մարդուժը օգտագործուի առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ, նաեւ հեռահար տեսլականով: Այսպէս, Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը արդէն ունի բազմաձայն երգեցողութեան մեծ փորձառութիւն եւ այդ ուղղութեամբ պիտի խորանայ յառաջիկայ շրջանին: Ասողիկ դպրաց դասն ալ իր վերջին տասնամեակներուն ձեւաւորուած աւանդութիւններն ու նախընթացները պիտի ծառայեցնէ՝ դպրական աւանդութիւններու երկարաժամկէտ երաշխաւորման նպատակին: Ժամերգութիւններէ սկսեալ, մինչեւ շարականագիտութիւն եւ Սուրբ Սեղանի սպասաւորութիւն՝ Ասողիկ դպրաց դասը կը նախատեսէ ձեռնամուխ ըլլալ մարդուժի պատրաստութեան, որպէսզի այս գետնին վրայ ալ հարթ ու առողջ սերնդափոխութիւն մը կազմակերպելու հնարաւորութիւնը ապահովուի: Պէյօղլուի հաստատութիւններու պարագային այժմ աւելի կեդրոնաձիգ համակարգ մը ստեղծուած է թէ՛ Լուսաւորիչը եւ թէ Ասողիկը, արդէն ծառայութիւն կը մատուցեն թէ՛ Սուրբ Երրորդութիւն եւ թէ Սուրբ Յարութիւն եկեղեցիներուն համար: Այս ողջունելի ձեռքբերումը ապահովուած է Պէյօղլուէն ներս հաստատուած ընդհանուր համերաշխութեան շնորհիւ: Երեք տարիէ ի վեր արդէն սոյն տրամաբանութիւնը եւ մտայնութիւնը կ՚արմատաւորուի Պէյօղլուի մէջ, ուր նոր տեսլականը կը թիրախաւորէ՝ մանաւանդ մարդուժի նպատակասլաց արժեւորումը:
Ասողիկ դպրաց դասու վերաբերեալ վերջին նորութիւնները հաղորդելու զուգահեռ՝ հիւրերը զրոյցի ընթացքին խոր երախտագիտութեամբ վերյիշեցին բարեյիշատակ Նշան սարկաւագ Չալկըճեանը, որ քաջ շարականագէտ մըն էր եւ իր ամբողջ հեղինակութիւնն ու եռանդը ի սպաս դրած էր Ասողիկ դպրաց դասուն համար: Տասնամեակներ շարունակ ան անշահախնդիր ծառայութիւն մատուցած էր Պէյօղլուի մէջ եւ արդարօրէն դասուած էր՝ պատուոյ երաժշտապետ: Պէյօղլուի ընտանիքը ներկայիս կը ջանայ հաւատարիմ մնալ բարեյիշատակ Նշան սարկաւագ Չալկըճեանի ներդրած մեծ վաստակին, որու շարունակութիւնը կը կերտուի՝ այժմու երաժիշտ Թադէոս Քարափէքմէզի մականին ներքեւ:
Այս նոր վիճակին մէջ է, որ շաբաթավերջին Պէյօղլուի մէջ տեղի պիտի ունենան տարեդարձի արարողութիւններ: Թէեւ տարեդարձները ընդհանրապէս կը նշուին բազմաձայն երգեցողութեամբ, սակայն, Ասողիկ դպրաց դասու պարագային պիտի ըլլայ բացառութիւն մը: Արդարեւ, գոհաբանական Սուրբ Պատարգը պիտի երգուի մայր եղանակով, աւանդական երգեցողութեան ձեւաչափով, որպէսզի հաւատացեալները կարողանան Բարձրեալին հաղորդ դառնալ նաեւ այսօրինակ երգեցողութեամբ:
Հուսկ, հիւրերը տեղեկացուցին, որ Ասողիկ դպրաց դասը աշխոյժ ներկայութիւն պիտի ունենայ նաեւ ընկերային ցանցերու մէջ եւ զանազան հարթակներու վրայ պաշտօնական հաշիւներ գործել պիտի սկսին աստիճանաբար: