ԱԿՆԱՐԿ - 163 - ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ԱՄՓՈՓ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Այսօր մեր սիրելի ընթերցողներուն փունջ մը մտածումներ պիտի ներկայացնենք արաբ գրողներէ թարգմանաբար եւ այդ մտածումներուն մասին պիտի փորձենք ամփոփ խորհրդածութիւն կատարել:

* Մահմուտ Տարուիշ կը գրէ. «Մի՛ չափազանցէք թեթեւնալ (խօսելով), որովհետեւ չէք գիտեր, թէ ձեզ լսողները ե՛րբ կը դաւաճանեն»:

Այնչափ հարազատ կը հնչէ այս մտածումը վստահաբար շատերու համար: Մեր օրերուն, որովհետեւ, այնքան շատցած է թիւը «լսող»ներու, որոնք ականջալրջութեամբ եւ մեծ ուշադրութեամբ կը լսեն ձեզ, երբեմն չեն ալ արձագանգեր ձեր ըսածներուն, բայց, որոշ ժամանակ ետք ձեր անոնց ներկայութեամբ ըսածները աջէն ու ձախէն կը լսէք:

Մարդկային փոխյարաբերութեան մէջ բնական երեւոյթ է, որ մարդիկ իրարու հետ խօսին, զրուցեն, երբեմն նոյնիսկ իրենց սիրտը բանան դիմացինին առջեւ, բայց միաժամանակ, պէտք է ուշադիր ըլլալ, չափազանցօրէն չվստահիլ եւ գիտնալ ո՛ւր եւ որո՛ւ առջեւ ի՛նչ խօսիլ եւ ինչ ո՛չ: 

Խօսելէ ետք, խօսուածը ուրիշներէն լսելուն համար ձեզ լսողը մեղադրելը ո՛չ մէկ բանով կ՚օգնէ: Աւելի լաւ է սկիզբէն զգուշանալ, որպէսզի ետքէն ո՛չ ձեր խօսածը դուրս գայ եւ ո՛չ ալ ոեւէ մէկը մեղադրէք:

* Նաճիպ Մահֆուզ կը գրէ. «Բարի համբաւը ձիթենիի նման է, արագ չ՚աճիր, բայց երկար կ՚ապրի»: Վստահաբար շատեր դէմ յանդիման եկած են այնպիսի պարագաներու, ուր որոշ մարդիկ մէկ-երկու օրուան ընթացքին, կամ մէկ-երկու «լաւ» գործ ընելնուն համար՝ կը կարծեն, թէ իրենք արդէն բարի համբաւ վաստակած են ու աւելին՝ բարի համբաւ կը վայելեն: Բայց, այդպիսիները կը մոռնան, թէ բարի համբաւը մէկ-երկու օրուան կամ մէկ-երկու «լաւ» գործերու արդիւնք չէ, այլ՝ երկար տարիներու ջանասէր, լուռ, նուիրուած ու անխոնջ աշխատանքի արդիւնք է: Աւելին, բարի համբաւը «լաւ» գործեր կատարելով չէ, որ կը շահուի, այլ՝ անկեղծ ու սրտանց կատարուած գործերով ու արարքներով:

Բարի համբաւը պայմանաւորուած պէտք չէ ըլլայ միայն այս աշխարհով, այլ՝ անդենականով, որովհետեւ այստեղի բարի համբաւը եթէ «պարարտանիւթերով» աճած է եւ ո՛չ թէ ձիթենիի բնական աճով, ապա այս աշխարհին մէջ ալ կը չորնայ, կը վառուի ու կը վերանայ, մինչ բնական կերպով աճած եւ անդենականի մտածումով շահուած բարի համբաւը մարդս արժանի կը դարձնէ նաեւ անդենականին: Հետեւաբար, բարի համբաւին մարդ պէտք է այս դիտանկիւնէն մօտենայ:

Այս ուղղութեամբ ճիշդ կ՚ըլլայ կարդալ Պետրոս Շանշեանցի հետեւեալ տողերը. «Մարդկային պատիւի ամենէն ցանկալի նշանը այն է, երբ յառաջ եկած է բարի գործերէ ու բարի անունէ, երբ իւրաքանչիւր ոք կը վկայէ, որ այս ինչ անձը պատուաւոր մարդ է, բարի քրիստոնեայ եւ ընկերականութեան օգտակար անդամ: Այս պատուանշանը կամ բարի համբաւը առաքինութեան լոկ արտաքին երեւոյթներով չի ստացուիր, այլ՝ սիրտի ճշմարիտ ազնուութեամբ եւ բարի ճանապարհով գործի դնելով ու շահեցնելով մեր տաղանդը, որ Աստուած աւանդած է մեզի: Այս մասին է, որ առաքեալը կը պատուիրէ. «Ի վերջոյ, եղբայրներ, խորհեցէք այն բաները` որոնք ճշմարիտ են, պարկեշտ, արդար, մաքուր, սիրելի, բարեհամբաւ, առաքինի եւ գովելի» (Փլպ 4.8): Երբ այսպէս կը վարուինք, առանց կոյր, կրքոտ եւ անիրաւ մարդոց հաւանութիւնը գրաւելու, այն ատեն կը մխիթարուինք աւելի բարձր եւ աւելի թանկագին հաւանութեամբ, որ պարտինք փնտռել մեր խիղճին եւ Աստուծոյ վկայութեան մէջ, Պօղոս առաքեալին հետ կրկնելով. «Ուստի, ինծի համար բնաւ նշանակութիւն չունի թէ դուք ի՛նչպէս կը դատէք զիս, կամ մարդիկ ի՛նչպէս կը դատեն։ Ես ինքզինքս ալ չեմ դատեր։ Խիղճս հանդարտ է, բայց ատով չեմ արդարանար հարկաւ, որովհետեւ Տէրն է որ զիս կը դատէ» (Ա. Կր 4.3-4): Ճշմարիտ եւ ամենէն հաստատ փառքին հասնելու միակ միջոցը՝ մեր բոլոր պարտաւորութիւնները ճշդութեամբ կատարելն է, հնազանդելով եւ փափաքելով հաճոյանալ Աստուծոյ, ոչինչ համարելով մեր անձը եւ խոստովանելով, որ բոլոր բարի տուրքերը եւ բոլոր կատարեալ պարգեւները վերէն իջած են [Յկ 1.17], եւ ասոր վերաբերելով այն բոլոր յոյսերն ու պսակները, որ Աւետարանը մեզի կը խոստանայ: Ահաւասիկ ա՛յս է փառքի ամեվնէն մեծ աստիճանը, որու կրնանք հասնիլ աշխարհին եւ հանդերձեալին մէջ. «Եւ մենք բոլորս ալ, որ բաց երեսով Տիրոջ փառքը կ՚արտացոլացնենք հայելիի մը պէս, նոյն այդ պատկերով կը փոխակերպուինք՝ հետզհետէ աճող փառքով մը։ Եւ այդ փոխակերպումը Տիրոջ Հոգին է որ կ՚իրագործէ» (Բ. Կր 3.18)»:

* Արաբերէն ասացուածք մը կ՚ըսէ. «Մի՛ ատեր ան՝ որ կը նախանձի քեզի, այլ՝ յարգէ անոր նախանձը, որովհետեւ անոր նախանձը ուրիշ բան չէ, եթէ ո՛չ խոստովանութիւնը, թէ դուն իրմէ աւելի լաւ ես»: Ոմանք նախանձին նախանձով կը պատասխանեն: Ուրիշներ նախանձին չարութեամբ կը պատասխանեն: Իսկ ուրիշներ ալ այնքան կը սկսին մտածել նախանձի պատճառով իրենց ուղղուած խօսքերուն կամ արտայայտութիւններուն մասին, որ անզգալաբար կը կորսնցնեն իրենց ճամբան, կը շեղին իրենց ուղիէն եւ կը ձախողին իրագործել իր նպատակը: 

Նախանձին յաղթահարելու լաւագոյն կերպերէն մէկը, թերեւս, վերոյիշեալ արաբերէն ասացուածքին մէջ ըսուածն է, նախանձը յարգել, որով կոտրած կ՚ըլլաս այդ նախանձին ուշգնութիւնը, խափանած կ՚ըլլաս այդ նախանձին ընթացքը, մէկ խօսքով արմատախիլ ըրած կ՚ըլլաս մէջէն որեւէ մէկ մտածում, որ այդ նախանձին պատճառով կրնար մուտք գործել մէջդ եւ կործանումի առաջնորդել քեզ: 

Միշտ պէտք է յիշել, որ «եթէ կարաւանը ամէն շան հաջոցին կանգնէր, ապա տեղ չէր հասներ», այդպէս ալ պէտք է վարուի մարդ նախանձին հետ: Զգոյշ պէտք է ըլլալ սակայն, եւ նախանձն ու կառուցողական քննադատութիւնը իրարմէ զանազանել գիտնալ, որպէսզի մէկ ծայրայեղութենէ ուրիշ ծայրայեղութեան մը մէջ չյայտնուի մարդ:

* Արաբերէնէ թարգմանուած այս մտածումը այնքա՜ն խոր տպաւորութիւն գործած է վրաս եւ վստահ եմ, որ ընթերցողներէն շատերու վրայ ալ նոյն ազդեցութիւնը կրնայ գործել: Կարդանք. «Երբ ամիսը վերջանայ առանց բժիշկի երթալու՝ օրհնութիւն է: Երբ պարզ բան մը ուտես ու կշտանաս՝ օրհնութիւն է: Երբ ամիսը կը վերջանայ առանց դրամ փոխ առնելու՝ օրհնութիւն է: Երբ ամիսը վերջանայ ու ընտանիքդ չորս կողմդ է՝ օրհնութիւն է: Հետեւաբար, շնորհակալութիւն յայտնէ Աստուծոյ Իր պարգեւած բոլոր օրհնութիւններուն համար»: Այսօրուան մարդը իր անյագուրդ վազքին մէջ յաճախ կը մոռնայ պահ մը կանգ առնելու, ինքզինք քննելու, հասկնալու ու գիտակցելու իր վիճակին, իր ունեցածին, իր ձեռքբերումներուն, իր յաջողութիւններուն, դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն: Աւելին, մարդ իր այդ անհասկնալի վազքին մէջ յաճախ կը մոռնայ գնահատելու իր ունեցածը՝ առողջութիւն, սնունդ, նիւթական բաւարարութիւն, մտերիմներով շրջապատուած ըլլալ, աշխատանք ունենալ, եւ այլն: Այս բոլորը մարդուն համար շատ աւելի մեծ հարստութիւն են, քան աշխարհի բոլոր հարստութիւնները, որոնց համար ան կը վազէ ու կը վազէ:

Մարդ պէտք է համոզուած ըլլայ, որ իր կեանքին մէջ ունեցած օրհնութիւնները եւ այդ օրհնութիւններուն համար երախտապարտ սիրտ ունենալը, իր առջեւ բազմաթիւ այլ օրհնութիւններու դուռ պիտի բանայ: Հետեւաբար, երախտապարտ ըլլանք մեր ունեցած ու վայելած օրհնութիւններուն համար:

* Մուսթաֆա Մահմուտ կը գրէ. «Մարդիկ կան, որոնք ազատութեան համար կը պայքարին, մարդիկ ալ կան, որոնք կը բաւարարուին ստրկութեան պայմանները բարելաւել պահանջելով»: Այս մտածումը մանաւանդ մեզի՝ հայերուս համար այնքան այժմէական է, երբ նկատի ունենաք մեր ներկայի անորոշ, ստութեամբ եւ կեղծիքով լեցուն ներկան: Այսօր փորձ կը կատարուի համոզելու մեզ, թէ մենք ազատ ենք, այն ինչ կը նշմարենք, թէ ստրկատէրի մը կօշիկին տակէն դուրս ելլելով ուրիշ ստրկատէրի մը կօշիկին տակ կը վազեն մեր այսպէս կոչուած «իշխանաւոր»ները: Կը համոզեն, թէ ազատ ենք, այն ինչ ամէն ինչ կ՚ընեն այլափոխելու մեր դարաւոր պատմութիւնը, մեր նախնիներէն մեզի ժառանգ մնացած հողերը թշնամիին յանձնելով, մեր բարոյական ու հոգեւոր արժէքները ոտնահարելով ու այլափոխելով: Այս բոլորը կը կատարուին «ազատ ենք», «ինքնիշխան ենք» կարգախօսներուն տակ, այն ինչ, ինչպէս Մուսթաֆա Մահմուտը կը գրէ, իրականութեան մէջ մենք ուրիշ բան չե՛նք ըներ, եթէ ոչ մեր ստրկութեան պայմանները բաւարարելու պահանջներ ներկայացնելէ: Զգաստանալ է պէտք եւ արթննալ այս թմբիրէն, այնքան ատեն որ տակաւին ուշ չէ, այլապէս հետեւանքները ահաւոր ծանր ու անդառնալի պիտի ըլլան:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

19 ապրիլ 2026, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 23, 2026