Շաբաթ 25, Ապրիլ 2026
ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան, որ այցելեց Թիֆլիզ, ընդունուեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նախարարն ու վարչապետը անդրադարձան տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերու։ Այս ամբողջին մէջ անոնք կանգ առին երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման վրայ, ինչ որ կը նպաստէ բոլորի զարգացման ու բարգաւաճման։
Զրուցակիցները նաեւ բարձր գնահատեցին պաշտպանութեան ոլորտէ ներս Երեւան-Թիֆլիզ համագործակցութեան ընթացքը։
Շաբաթ, Ապրիլ 25, 2026