Ուրբաթ 1, Մայիս 2026
«ԵԿՈ՛ՒՐ, ՊԱՐԷ». ԵՐԵՒԱՆԻ ՍՐՏԻՆ ՎՐԱՅ ՇՈՒՐՋՊԱՐ
Երէկ, Համաշխարհային պարի օրուան առթիւ, Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ բացառիկ ձեռնարկ մը։ Այսպէս, մայրաքաղաքի սրտին՝ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ մեծ շուրջպար մը։ «Եկո՛ւր, պարէ» կարգախօսով կազմակերպուած շուրջպարը բոլորի անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ՝ համախմբելով հոծ թիւով երիտասարդներ եւ պարի սիրահարներ, որոնց շուրջպարով ստեղծուեցաւ բացառիկ պատկեր մը։
Բաց աստի, Ազատութեան հրապարակին վրայ ալ, Օփերայի շէնքի յարած տարածքին տեղի ունեցան նոյնպէս խանդավառ ու բազմամարդ ձեռնարկներ՝ Համաշխարհային պարի օրուան առթիւ։
Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2026