ՖԻՏԱՆԻ ՎԻԵՆՆԱ ԱՅՑԸ

Երէկ, դէպի Վիեննա պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ընդունուեցաւ Աւստրիոյ վարչապետ Քրիստիան Սթոքըրի կողմէ: Ֆիտան Վիեննայի մէջ շփումներ ունեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ շօշափելով Թուրքիա-Աւստրիա յարաբերութիւններուն վերաբերեալ զանազան հարցեր:

Միւս կողմէ, Ֆիտան այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոզէ Մանուէլ Ալպարէզ Պուէնոյի հետ: Զրոյցի ընթացքին երկու նախարարները շօշափեցին՝ Կրետէ կղզիի մերձակայքին նաւարկելու ժամանակ Իսրայէլի կողմէ ապօրինի ձեւով թիրախաւորուած միջազգային նաւերու վերաբերալ խնդիրներ: Այդ նաւերը միջազգային ջուրերու մէջ թիրախաւորուած են եւ այս պատճառով զանազան ազգութիւններէ բազմաթիւ քաղաքայիններու կեանքը վտանգուած է, ոտնահարուած է միջազգային իրաւունքը:

Ֆիտան եւ Պուէնօ ուշադրութիւն հրաւիրեցին, որ միջազգային ընտանիքը հակաիրաւական այս միջամտութեան դէմ պէտք է հասարակաց դիրքորոշում մը որդեգրէ:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2026