Շաբաթ 2, Մայիս 2026
23-ՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆԸ
Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի փառատօնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ 12-19 յուլիսին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դարձեալ Հայաստան պիտի ժամանեն շարժանկարի աշխարհէն յայտնի դէմքեր, որոնք իրենց փորձառութիւնն ու արուեստը պիտի ներկայացնեն շարժանկարի սիրահարներուն։ Այս տարի եւս միջազգային փառատօնը հանրութեան պիտի ներկայացնէ մրցութային ժապաւէններ աշխարհի զանազան երկիրներէն, ինչպէս նաեւ ամենահեղինակաւոր փառատօներէն գործեր։
«Ոսկէ ծիրան»ը այս տարի կը կազմակերպուի 23-րդ անգամ։
Շաբաթ, Մայիս 2, 2026