Կիրակի 3, Մայիս 2026
ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Ի ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Համաշխարհային մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ միշտ բացառիկ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան Ուաշինկթըն-Փեքին առանցքի շփումները։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ռուպիօ եւ Ի կարծիքներ փոխանակեցին Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրավիճակին եւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ այլ հարցերու շուրջ։
Շաբաթ, Մայիս 2, 2026