ՖԻՏԱՆ-ԱՐԱՂՉԻ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրոյցի ընթացքին քննարկուեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ ծաւալուած բանակցութիւններու վերաբերեալ հարցեր։ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ շփումները, ընդհանուր առմամբ, այդքան ալ յուսադրիչ ընթացք մը չունի՝ մինչ Անգարա ամենայն ուշադրութեամբ կը հետեւի տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն։ 

Միւս կողմէ, Հաքան Ֆիտան վերջին օրերուն Քիեւէն ալ հիւր մը ընդունեց։ Նախարարը տեսակցեցաւ Ուքրայնայի Ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի քարտուղար Ռիւստեմ Ումերովի հետ, որ այցելեց Անգարա։

Շաբաթ, Մայիս 2, 2026