ԽՏԱՑԵԱԼ ՈՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Երէկ, Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Վան Ի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի հանդիպում մը ունեցան Փեքինի մէջ: Պաշտօնական աղբիւրները որեւէ մանրամասնութիւն չեն հաղորդած նախարարներու զրոյցի բովանդակութեան շուրջ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ Իրանի ենթարկուած յարձակումներու մթնոլորտին մէջ, միջազգային աղբիւրները յաճախ արձագանգ կը հանդիսանան պնդումներու, ըստ որոնց՝ Չինաստանի եւ Իրանի միջեւ զօրակցութիւնը կ՚ամրապնդուի:

Ի-Արաղչի հանդիպումէն առաջ հաղորդուած էր, որ անոնք երկկողմանի յարաբերութիւնները աչքէ պիտի անցընեն եւ տարածաշրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները պիտի շօշափեն: 

Ապպաս Արաղչի անցեալ շաբաթ ալ ուղեւորութեան մը ձեռնարկած էր՝ դէպի Փաքիստան, Օման եւ Ռուսաստան: Հարկ է նշել, որ յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած է ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի ուղեւորութիւնը՝ դէպի Չինաստան: Արաղչիի շփումները նախորդեցին Թրամփի այցելութեան: Հարկ է յիշեցնել, որ Թրամփ դէպի Փեքին իր այցը յետաձգած էր պատերազմի հետեւանքով: 

Ապպաս Արաղչի Փեքինի մէջ յայտարարեց, որ Իրանի իշխանութիւնները պատրաստ են հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ արդար համաձայնագիր մը կնքելու ԱՄՆ-ի հետ: «Մենք կ՚ընդունինք միայն արդար եւ համապարփակ համաձայնագիր մը», ըսաւ ան՝ ընդգծելով, որ ԱՄՆ-ի կողմէ սանձազերծուած պատերազմը կը համարուի միջազգային իրաւունքի բացայայտ խախտում: Իրան բոլոր ջանքերը պիտի գործադրէ ԱՄՆ-ի դիմաց բանակցութիւններէ վերջ իր իրաւունքներն ու շահերը պաշտպանելու համար: Նախարարը դրական գնահատեց Փեքինի դիրքորոշումը միջազգային ասպարէզի մէջ եւ մանաւանդ՝ անոր կողմէ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի գործողութիւններու դատապարտումը: Արաղչիի խօսքով՝ ընթացիկ իրադրութեան մէջ Իրան-Չինաստան համագործակցութիւնը կը զարգանայ: 

Մինչ այդ, ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Քննարկուեցան Ուքրայնայի պատերազմին եւ Իրանի կացութեան վերաբերեալ հարցեր: Ռուպիօ եւ Լաւրով քննարկեցին նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը: Ամերիկեան կողմը հաղորդեց, որ զրոյցը տեղի ունեցած է ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ: Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շատ հակիճ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է այս հեռախօսազրոյցին կապակցութեամբ: Այս առթիւ նշուած է, որ կողմերը քննարկած են միջազգային ներկայ իրադրութիւնը, ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի հաւանական շփումներու ժամանակացոյցը: Ռուսական աղբիւրները Ռուպիօ-Լաւրով զրոյցը որակած են շինիչ եւ գործնական: 

Իր կարգին, Տանըլտ Թրամփ նշեց, որ եթէ Իրան համաձայնութեան գայ, ապա Հիւրմիւզի նեղուցը պիտի բացուի, հակառակ պարագային ռմբակոծութիւն պիտի սկսի: 

Վերջին օրերուն միջազգային լրահոսին մէջ աչքի կը զարնեն իրերամերժ տեղեկութիւններ: Մէկ կողմէ Տանըլտ Թրամփ թերահաւատութիւն կը յայտնէ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ համաձայնութեան մը գոյանալու հեռանկարին շուրջ, իսկ միւս կողմէ կանխատեսումներ կ՚ըլլան, թէ ԱՄՆ եւ Իրան շատ մօտ են՝ մէկ էջէ բաղկացեալ փոխըմբռնման յուշագիր մը ստորագրելու: 

Միջազգայի աղբիւրներու վերջին հաղորդումներուն մէջ, անսպասելիօրէն, լաւատեսութեան սպասումներ աչքի կը զարնեն։ Արդարեւ, ըստ այդ լուրերուն՝ ԱՄՆ եւ Իրան փոխըմբռնման հասնելու վրայ են՝ 14 կէտէ բաղկացեալ համաձայնութեան մը շուրջ։ Անոնց այս ուղղութեամբ արձանագրած յառաջընթացը կը բնութագրուի՝ որպէս անակնկալ համաձայնութեան մը առջեւ բացուած նոր հորիզոն մը։ Նախագահ Թրամփ թէեւ կը շարունակէ «Կա՛մ համաձայնութիւն, կա՛մ ռմբակոծում» խօսոյթը, սակայն, յառաջիկայ երկու օրերը կը համարուին համաձայնութեան տեսակէտէ կարեւոր ժամանակաշրջան մը։ 

Ի լրումն այս բոլորին, նոյնպէս երէկ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի հետ։ Կը հաղորդուի, որ երկու ղեկավարները անդրադարձած են Հիւրմիւզի ջրանցքի առկայ վիճակին։

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2026