ՊԱՇՏՕՆԻ ՎԵՐԱՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան նախագահ Մարթին Գալստեան պիտի շարունակէ նոր ժամկէտով մնալ իր առաքելութեան գլուխը: «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Ազգային ժողովը վերջերս Կեդրոնական դրամատան նախագահ վերընտրեց Մարթին Գալստեանը, որ 13 յունիս 2020 թուականէն ի վեր կը զբաղեցնէ այդ պաշտօնը: 

Խորհրդարանի 107 երեսփոխաններէն 69 հոգի մասնակցեցաւ՝ Կեդրոնական դրամատան նախագահի ընտրութեան: Մարթին Գալստեան, որ անցեալ ժամանակաշրջանի գործունէութեան տեղեկագիրը ներկայացուց խորհրդարանին, քուէարկութեան արդիւնքով արդէն վերընտրուեցաւ: Խորհրդարանի նիստին մասնակից արդէն 69 երեսփոխաններուն բոլորն ալ քուէարկեցին Մարթին Գալստեանի ի նպաստ:

Մարթին Գալստեան Հայաստանի մէջ այս ոլորտի ամենահեղինակաւոր ներկայացուցիչներու շարքին կը դասուի եւ Կեդրոնական դրամատան գլուխը ծաւալած իր գործունէութիւնը կ՚արժանանայ հանրային կարծիքի բարձր գնահատանքին:

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2026