ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԴՐՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետուհի Նազլը Տանաճըօղլուն եւ գործակից ընկերները: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Շնորհք վրդ. Տօնիկեան:
Ինչպէս ծանօթ է, Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցին վերջին շրջանին վերանորոգման եւ բարեկարգման աշխատանքներու ենթարկուած է: Որպէս «Ձկնորսներու եկեղեցի»՝ պոլսահայ հաւատացեալներուն տեսակէտէ այնքան սրտամօտիկ սրբավայր մըն է այս մէկը, որու վերանորոգութիւնը համայնքային շրջանակներէ ներս հոգեւոր ուրախութեան առիթ դարձած է: Շաբաթավերջին նախատեսուած են եկեղեցւոյ վերաօծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնները, որոնց ընդառաջ թաղային խորհուրդին ներկայացուցիչները ստացան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը: Զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց թաղային խորհուրդի ջանքերը՝ եկեղեցին պայծառ վիճակի մէջ պահելու ուղղութեամբ: Զրոյցի տեւողութեան կարծիքի փոխանակումներ տեղի ունեցան նաեւ թաղային խորհուրդի օրակարգի զանազան նիւթերուն շուրջ:
Հուսկ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը թաղականներուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ գնահատեց անոնց աշխատանքները՝ այս գողտրիկ սրբավայրի կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ ջանքերը: