ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՃԱՏՐԱԿԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանը այս տարի եւս կազմակերպեց աւանդական ճատրակի մրցաշարքը, որ 19-րդն էր իր նմաններու շարքին: Միջվարժարանային այս նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ: Համայնքային ինն վարժարանէ 66 աշակերտ մասնակցեցաւ մրցաշարքին: Տղաքը իրենց գիտելիքները փորձեցին՝ աստղերու եւ փոքրիկներու դասաւորումներու մէջ: Աւանդական մրցաշարքի աւարտին, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման եւ եզրափակման արարողութիւնը: Այս փուլին շնորհակալութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղ, որ բարձր գնահատեց մրցաշարքի կազմակերպման ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները: Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Իսթանպուլի Ճատրակի միութեան նախագահ Առնօ Կարապետեան, որ եւս Ֆէրիգիւղի ընտանիքին հետ համագործակցած էր այս նախագծին շուրջ: Մրցանակաբաշխման արարողութեան ընթացքին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը ներկայացուց Ազնիւ Մեծատուրեան: 

Թէ՛ խմբային եւ թէ անհատական դասաւորումներուն մէջ դափնեկիրները ծափահարութիւններու ներքեւ ստացան իրենց մետայլները եւ յիշատակները:

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2026