ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան այցելեց Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի կազդուրման կայանը: Ինչպէս ծանօթ է, կազդուրման կայանը քանի մը տարիէ ի վեր փակ է՝ վերանորոգման աշխատանքներու համար: Նկատի ունենալով, որ ծրագրի մշակումէն վերջ գործնական փուլին անցնիլը բաւական երկար ժամանակ տեւած է՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արդէն յարմար դատած է տեղւոյն վրայ տեղեկութիւններ քաղել շինարարական աշխատանքներուն շուրջ: Այդ յապաղման հիմնական պատճառը պաշտօնական մարմիններու ընթացակարգերուն վերաբերեալ խնդիրներէ ծնունդ առած է, սակայն, գործնական հետեւանքը եղած է այն, որ կազդուրման կայանը տարիներէ ի վեր արդէն փակ է:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելութեան ընթացքին տեղեկութիւններ քաղեց Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Արթին Քիլէճիի, գործակից ընկերներուն եւ ծրագրին որպէս մասնակից ներգրաւուած ճարտարապետներուն կողմէ: Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութիւն յայտնեց իր վկայած կացութեան շուրջ՝ մաղթելով, որ նախագիծը ժամ առաջ պսակուի յաջողութեամբ:
Գարակէօզեան տան խնամակալութեան կանխատեսումներով՝ կազդուրման կայանի շինարարական աշխատանքները պիտի վերջանան յաջորդ տարի եւ 2027 թուականի ամրան ան պիտի կարողանայ իր դռները բանալ: