ՀԱՐԱԶԱՏ ՁԱՅՆԵՐՈՒ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲ
Երէկ երկոյեան, «Աթաթիւրք» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը, որ կազմակերպուած էր Պէյօղլուի գաւառապետութեան եւ Կրթական տնօրէնութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ: «Հարազատ ձայներու երգչախումբ» անուանումով հանդէս եկաւ բազմանդամ խումբ մը, որ բաղկացած էր Պէյօղլուի շրջանի քսանմէկ դպրոցի 175 աշակերտէն: Տասներեք տարբեր լեզուներու կրող այս աշակերտներու շարքին էին Կեդրոնական եւ Էսաեան վարժարաններու ներկայացուցիչները: Այս մեծ երգչախումբը վարեց Ույսալ Եըլմազ:
Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ ձեռնարկը՝ հաշուի առնելով, որ Պէյօղլուն կը համարուի պատմութեան, գեղարուեստի, մշակոյթի եւ յիշողութեան միջավայր մը:
Ձեռնարկի ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Պէյօղլուի գաւառապետ Աթաքան Աթասոյ: Ներկաներու շարքին էին երիտասարդութեան եւ զբօսաշրջութեան փոխ-նախարար Սաֆա Քոչօղլու Կիւրսոյ եւ Իսթանպուլի փոխ-կուսակալ Մուսթաֆա Ասըմ Ալքան:
Երեկոյթին մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս Մաշալեան, որուն ընկերացաւ Տ. Յարութիւն վարդապետ Տամատեան:
Խանդավառ համերգի աւարտին, մասնակից դպրոցներու երաժշտութեան ուսուցիչներուն յանձնուեցան յուշանուէրներ: Այս փուլին ծափահարութիւններու արժանացաւ նաեւ Կեդրոնական եւ Էսաեան վարժարաններու ուսուցիչը՝ Յակոբ Մամիկոնեան, որ այնքան յաջողութեամբ պատրաստած էր տղաքը:
