ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՆԴԷՍՆԵՐ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան երկու հանդէսներ՝ Մայրերու օրուան առթիւ, որ կը նշուի այս շաբաթավերջին։ Դպրոցէն ներս մանկապարտէզի փոքրիկները առանձին հանդէս մը իրականացուցին, իսկ միջնակարգի աշակերտները՝ տարբեր ձեռնարկ մը։ Երկու հանդէսներն ալ անցան շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ՝ մանաւանդ, որ աշակերտները հնարաւորութիւն ունեցան արտայայտելու իրենց զգացումները այնքան տպաւորիչ ձեւով։ Տղոց կողմէ արտայայտուած սէրին մէջ բաժին կար թէ՛ իրենց մայրերուն եւ թէ իրենց ուսուցչուհիներուն նկատմամբ՝ քանի այս վերջիններն ալ ծնողի գուրգուրանքով կը վերաբերուին անոնց հետ։
Միջնակարգի սաներու հանդէսէն վերջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը, որ Մայրերու օրուան առթիւ յղեց շնորհաւորութիւններ, գնահատեց աշակերտներու յաջող ելոյթները եւ այն կրթական մշակները, որոնք վերահսկած էին հանդէսներուն պատրաստութիւնը։